ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Տառապանքին ի՞նչ կամ ինչպէ՞ս ըլլալուն մասին յստակ ծանօթութիւն ունենալու համար, անպայման անոր բովէն անցած պէտք է ըլլայ մարդ: Կան ամէնօրեայ դրութեամբ տառապողներ, որոնցմէ ոմանք կը յաջողին յաղթահարել իրենց կեանքին մէջ տեղ գտած դժուարութիւնը, ուրիշներ կ՛ընկղմին անոր բացած խորխորատը: Բայց իսկապէս ի՞նչ է տառապանքը, կամ քանի՞ տեսակ տառապանք կայ: Այս հարցումին անկեղծութեամբ պատասխանած ըլլալու համար պիտի ըսենք, թէ չենք գիտեր: Աւելի յստակ պատասխան մը տուած ըլլալու համար, կրնանք ըսել` որքան մարդ, այնքան տառապանքի տեսակ:
Տառապիլ բայը արտասանելու միջոցին, ընդհանրապէս անոր ֆիզիքական տեսակը կը պարզուի մեր աչքերուն առջեւ` վիրաւորի, հիւանդի եւ արկածահարի տեսքով: Սակայն ասոնց չափ եւ աւելի, տառապիլ բայը մեր աչքերուն առջեւ շուտով կը պատկերանայ իր ներքին տարածքով, մարդկային հոգիին ու միտքին մէջ ստեղծած տագնապով` խղճահարութեան, մտատանջութեան, մտալլկման, խռովքի ու յուսահատութեան տեսքով:
Ֆիզիքական տեսակներուն մէջ ամէնէն շատ տարածում գտածը հիւանդութիւնն է, որուն բոլոր ձեւերուն եթէ ծանօթ ալ չըլլանք, գէթ ամէն օր կը լսենք անոնցմէ մէկուն կամ միւսին կամ ամբողջութեամբ նոր տեսակի մը մասին…:
Բժշկական գիտութեան զարգացումը եւ այսքան յառաջդիմութիւնը եթէ մէկ կողմէ մարդկութեան յոյս կը ներշնչէ, միւս կողմէ վախ կ՛ազդէ: Յոյս կը ներշնչէ այն առումով, որ նախապէս անծանօթ հիւանդութիւն մը ունենալով, նոյնիսկ երիտասարդ մարդիկ մահուամբ կը փակէին իրենց աչքերը, իրենց ետին թողելով անչափահաս զաւակներ: Ներկայիս, բժշկագիտութեան յառաջդիմութեամբ, յաճախ նախանշանները տեսնելով կը կանխուին շատ մը հիւանդութիւններ, փրկելով երիտասարդ կեանքեր: Քաղցկեղի սարսափազդու անունը երբեմն վերջնականապէս մոռացութեան կը տրուի ոմանց պարագային, երբ շատ կանուխէն առաջքը կ՛առնուի այդ անողոք հիւանդութեան եւ անիկա արմատախիլ կ՛ըլլայ տուեալ մարդու մարմինէն:
Բժիշկներու եւ անոնց օգնականներուն`բուժքոյր, բուժեղբայր, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու եւ ընկերային ծառայողներու բաժին ինկած նուիրական պարտականութիւններէն է հիւանդաց այցելութիւնը: Բժիշկներու խնամքին յանձնուած անձերուն զգացած ներքին ապահովութիւնը, յաճախ բացայայտ կ՛երեւի անոնց դէմքին վրայ եւ խօսքի արտայայտութիւններէն: Հոգեկան խաղաղութեան ինչպիսի՜ պահեր կ՛ապրին անոնք, երբ յատկապէս հոգեւորական մը իր աջը պարզելով իրենց գլխուն, երկու տող աղօթք կը մրմնջայ: Վերջապէս ընկերային ծառայողներու զօրակցական այցելութիւնները որքա՜ն կը գօտեպնդեն հիւանդանոցի կամ տան սնարին մէջ պառկած անձերուն, յուսադրելով զանոնք վաղուան արշալոյսի` առողջութեան յոյսով:
Բժիշկին քաջալերանքը եւ անոր օգնականներուն ամէն վայրկեանի ներկայութիւնը` իրենց կարգին, միւս կողմէ ընկերային ծառայողներու զօրակցական քայլերը` իրենց կարգին, սակայն աղօթքին գերբնական զօրութիւնը իր իւրայատուկ տեղը կ՛ունենայ տառապող անձին համար: Ցաւերով տուայտող հիւանդներ, երբեմն աղօթքի պահէն ետք հոգեպէս խաղաղած, այնպէս կը զգան, որ մեղմացեր են քիչ առաջուան խայթող ցաւերը: Հոգեբանական գիտութիւնը ինչպիսի մեկնաբանութիւն ալ փորձէ տալ այս երեւոյթին, արդիւնքը կը մնայ փաստ, որովհետեւ տիեզերքի անտեսանելի լարերուն միանալով աղօթքը, մարդկային հոգին կը կապէ աստուածային ամբողջական հոգիին, ուր թերութիւններ տեղ չունին, ոչ ալ հիւանդութիւնները կրնան իրենց ազդեցութիւնը գործել: Ոգեղէն իրականութեան մէջ ի՞նչ հիւանդութիւն, կամ ի՞նչ ցաւ: Ցաւը եւ տառապանքը այս աշխարհի յատուկ երեւոյթներ են, որոնք այս աշխարհի մէջ ալ պիտի թողունք եւ հեռանանք:
Մեծ աղօթողներու գրաւոր արտայայտութիւնները, ինչպէս մեր եկեղեցւոյ հայրերէն սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի պարագային, հիւանդաց բժշկութեան յատուկ աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ կամքին կը յանձնուին մահամերձ հիւանդները: Բնականաբար Անոր կամքին պիտի յանձնուին բոլոր հիւանդները, սակայն աղօթողը առաջին հերթին բժշկութեան խնդրանք կը ներկայացնէ Աստուծոյ, իր առջեւ գտնուող հիւանդին համար: Այս տեսակ աղօթքներու տողերուն մէջ մահուան ելքին ալ կը հանդիպինք, իբրեւ «բժշկութիւն», որոնք կեանքին հետ մեր կապերը վերջնականապէս խզելէ բացի, Աստուծոյ միացնելու մաղթանք ալ կը ներկայացնեն:
Քրիստոնէական կրօնքէն բացի, այլ կրօններու մէջ եւս ասոյթի ձեւով կան նման արտայայտութիւններ, որոնք «Երկու բժշկութիւններէն մէկը տո՛ւր» խնդրական ձեւով կը դիմեն Աստուծոյ, իրենց հիւանդին համար: Տարօրինակ չթուի, որ այլ կրօններ եւս նման աղօթական իղձով կը դիմեն Արարիչին: Համայն մարդկութիւնը միացեալ պատկերով կը ներկայանայ տառապանքի հարթակին վրայ: Այնքան ատեն որ մարդ էակը իր հողեղէն պատեանին մէջ է, ի՛նչ կրօնքի ալ պատկանի, տառապանքի բաժակէն պիտի ըմպէ, իսկ այս արբուքը իրարու կը միացնէ ու կը նոյնացնէ համայն մարդկութիւնը:
«Երկու բժշկութիւններէն մէկը»` առողջութիւնը կամ մահն է: Այո, երկրորդն ալ «բժշկութիւն» է այն առումով, որ մահը ելք մը կը դառնայ, վատագոյն տառապանքէն մեզի փրկող: Իրենց հարազատ հօր, մօր կամ հարազատին մահուան սնարին կողքին կանգնած անձեր, որոնք կը զգան չարչարանքին էութիւնը, իրենց լուռ աղօթքով երկու բժշկութիւններէն մէկը կը խնդրեն Աստուծմէ: Այստեղ երկնային միջամտութեան եւ ֆիզիքական առողջութիւնը վերականգնելու աստուածային կարողութեան մասին կասկած, կամ հաւատքի տկարացման կամ չքացման հարց չկայ: Առողջ հաւատքը տրամաբանութեամբ կը շարժի, իսկ տրամաբանութեամբ շարժող հաւատքը հոգեպէս կը զգայ այն, ինչը լաւագոյն ելքն է տառապող հիւանդին համար:
Դարձեալ կը վերահաստատենք մեր համոզումը առ այն, որ բնաւ կասկած չունինք Աստուծոյ քով գտնուող բժշկութիւններու տեսականիին վրայ: Այնքան միջոցներ եւ ձեւեր ունի Աստուած, որ երբեմն զանոնք հրաշքներու զգեստաւորումով կը մատուցէ մեզի, ծունկի բերելով նոյնիսկ անհաւատ հոգիները: Սակայն մարդկային մեր անզօրութեան հետեւանք է, երկու բժշկութիւններէն մէկը խնդրել Աստուծմէ, ինչպէս նաեւ մեր վստահութիւնը Անոր տալիք լաւագոյն ելքին: Երբ անզօր ես ու տկար, լաւագոյն քայլը կրնաս վերցնել, աղօթքի միջոցաւ երկու բժշկութիւններէն մէկը խնդրելով Աստուծմէ: Խիղճի հանգստութիւնը խռովքի մատնած չենք ըլլար այս ձեւով, այնպէս, ինչպէս կը խորհին ոմանք: Խիղճը շուտով կը հանդարտի, տառապանքէն վերջանակապէս ազատած մեր հարազատին կեանքէն քաղցրագոյն յուշերու վերբերումով: Այստեղ երկու դերակատարութեամբ կ՛աշխատի խիղճը. թէ՛ կը հանգստացնէ մեր միտքն ու հոգին եւ թէ կը մխիթարէ մեզ անցեալի յուշերով, որոնք բնականօրէն կը մեղմացնեն մեր վիշտը եւ տրտմութիւնը:
Առողջութիւն կամ մահ․ բժշկութեան երկու տեսակներ, որոնք կրնան երիտասարդ կամ տարեց անձերու համար փրկութեան ելք հանդիսանալ: Ըստ յարմարութեան՝ աղօթէ՛ անոնցմէ մէկն ու մէկը ունենալու համար. այդ տառապողը ըլլայ ուրիշը, կամ դուն: