Իտալական «Ա.Էս. Ռոմա» ֆութպոլի ակումբը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեանին առաջարկեց իր պայմանագրութիւնը երկու տարիով երկարաձգել, սակայն աշխատավարձի որոշ կրճատումով, այս մասին յայտնեց իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփոր» թերթը:
Նշենք, որ 33 տարեկան Մխիթարեանի ներկայ պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանի աւարտը:
Այս տարեշրջանին, Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 43 մրցումներու, նշանակեց 5 կօլեր եւ կատարեց 9 կօլային փոխանցումներ: