ԵՐԵՒԱՆ.- «Դիմադրութեան» շարժումը 12 Մայիսին շարունակեց իրազեկման անհնազանդութեան ինքնաշարժներով երթը Երեւանի փողոցներուն մէջ, որոնք կաթուածահար եղան: Երեւանի «Մեթրօ»ին մէջ ալ փակցուեցաւ Փաշինեանի լուսանկարով սթիքըրներ:
Երեկոյեան Ֆրանսայի հրապարակէն մեկնարկեց շարժման հանրահաւաքը, որուն յաջորդեց քայլարշաւը դէպի դատախազութեան շէնքը, ուր համախմբուած էին նահատակ հերոսներու ծնողները, որոնք կը պահանջեն ձերբակալել Նիկոյլ Փաշինեանը:
«Գնում ենք Դատախազութեան մօտ հերոսների ծնողներին մեր աջակցութիւնը յայտնելու, իրենց պահանջը արդար է, իրենց պահանջը պայքարի մասին է», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգմաւոր Արամ Վարդեւանեան:
Շարժման անդամները դատախազութեան մօտ միացան զոհուած զինուորներու հարազատներուն:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Ղազինեան յայտարարեց հետեւեալը. «Մենք այստեղ ենք յայտնելու մեր համերաշխութիւնը, մարդկային ու հայկական աջակցութիւնը իրենց՝ բնութեան մէջ ամենաարդար պայքարին: Նրանք ուզում են մէկ բան՝ պատժել իրենց որդիների անժամանակ ողբերգական մահուան մէջ մեղաւոր անձանց: Արդէն տասը օր է ծնողներն ակտիւ (աշխուժօրէն) պայքարում են, որպէսզի պետական դաւաճանութեան հետեւանքով տեղի ունեցած պատերազմում զոհուած իրենց որդիների հոգիները խաղաղուեն»:
Արամ Վարդեւանեան նշեց, որ դատախազութիւնը ունի բոլոր լիազօրութիւնները ձերբակալելու Փաշինեանը, սակայն անկէ կը պահանջուի կամք եւ վճռականութիւն Փաշինեանը ձերբակալելու եւ ապօրինի բանտարկութիւնները վերացնելու:
Երթին մասնակցոները դատախազութենէն պահանջեցին մնալ օրինականութեան սահմաներուն մէջ:
Անկէ ետք ցուցարարները վերադարձան Ֆրանսայի հրապարակը, ուր արտասանուեցան խօսքեր, որոնք հիմնաւորեցին այս իշխանութիւններու հրաժարականի հրամայականը, մեղադրեցին գործող իշխանութիւնը՝ երկիրը պարտութիւններու տանելու մէջ: Անոնք նաեւ անդրադարձան կատարուած ձերբակալութիւններուն:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իշխանութիւնը կը փորձէ կոտրել ընդդիմադիրներուն ոգին, նաեւ դաշնակցականներու տուներ կը խուզարկէ: «Գիտէք, որ խուզարկել են ՀՅԴական Սուրէն Մանուկեանի տունը, ուզում էին ընտրակաշառք գտնել: Դաշնակցականի տանը ամէն ինչ կը գտնէք բացի ընտրակաշառքից: Նման քայլերով չէք կարող կոտրել մեր ոգին», շեշտեց Մինասեան:
