Երեխաներուն եւ դեռահասներուն բարկութիւնը բաւականին տարածուած է եւ իր սահմաններէն ներս բնական երեւոյթ մը կը համարուի: Այս իրականութեան առջեւ սակայն ծնողներու մօտեցումը չափազանց կարեւոր է՝ սանձելու համար այդ րոպէները: Մասնագէտ հոգեբաններ կարգ մը խորհուրդներ կ’առաջարկեն երեխաներու բարկութեան մասին:
Ի՞նչ է բնական բարկութեան վիճակը:
Հոգեբան մը կը հաստատէ, թէ վերջերս հանդիպած է հօր մը, որ ունի 12 տարեկան տղայ մը: Տղան չափազանց բարկացած է, երբ հայրը ըսած է, թէ ժամը 9էն ետք չի կրնար ընկերոջ տունը մնալ: Այս կացութեան որպէս պատասխան, աթոռը նետած ու կոտրած է: Ուրիշ պարագայ մը. 10 տարեկան աղջնակի մը մայրը կը պատմէ, թէ աղջկան ըսած է, որ հեռատեսիլ չի կրնար դիտել մինչեւ պարտականութիւնը չվերջացնէ: Ասոր ալ որպէս պատասխան աղջնակը աղբամանին կից կը զարնէ եւ… արդիւնքը յստակ է:
Ըստ մասնագէտին, որեւէ անկարգ եւ քանդիչ արարք, ինչ ալ ըլլան անոր տուն տուող պատճառները, անընդունելի է եւ նաեւ նշան մըն է լուրջ հարցի մը գոյութեան:
Անշուշտ, բարկութիւնը միայն ֆիզիքական ձեւով չի դրսեւորուիր, անիկա նաեւ երեխային ընկերային մթնոլորտին վրայ կ’ազդէ: Ընկերներ չի կրնար ունենալ, իր հասակակիցները կը փորձեն հեռու մնալ իրմէ: Ուրեմն, եթէ նկատէք, թէ ձեր զաւակը ընկերներէն մեկուսացած է, արդէն անիկա նշան մըն է, թէ ձեր երեխան իր բարկութիւնը չկարենալ զսպուելու հասցուցած է:
Եթէ ձեր զաւակին բարկութիւնը կամ ջղայնութիւնը կ’ազդէ ձեր առօրեայ որոշումներուն ու կատարելիքներուն վրայ, այդ կը նշանակէ, թէ արդէն բաւականին առաջ գացած է անոր ոչ բնականոն ընթացքը:
Ամէն երեխայ չի՞ բարկանար երբեմն:
Անպայման: Ամէն երեխայ երբեմն դուռը ամուր կը գոցէ կամ կը պոռայ, յատկապէս եթէ ընտանեկան յարկէն ներս ոչ սովորական վիճակներ ըլլան, ինչպէս ամուսնալուծում, հիւանդութիւն կամ քաղաքի փոփոխութիւն: Իրականութեան մէջ շատ մտահոգիչ եւ ոչ առողջ երեւոյթ է, եթէ ձեր երեխան երբեք չի բարկանար եւ բարկութեան նշաններ չի դրսեւորեր: Այս բարկութիւնը յատկապէս կը շեշտուի 8-12 տարեկան երեխաներու մօտ, երբ անոնք իրենք զիրենք փաստելու փորձեր կը կատարեն եւ ծնողքէն անկախանալու նախաքայլերը կ’առնեն: Անոնք պարզապէս կ’ուզեն ստուգել սահմանները, ուր կարմիր գիծեր դրուած են: Այս մէկը բաւական տաղտուկ կրնայ ստեղծել տունէն ներս: Նկատի առած մանաւանդ, որ այս տարիքի երեխաները իրենց ապրումները ճիշդ ձեւով դրսեւորելու կարելիութիւնը չունին, ուրեմն տխրութիւն ու զայրոյթ նոյն ձեւով կրնան արտայայտել: Հետեւաբար, պայման չէ ամէն անգամ հակառակիլ անոնց, այլ հարկ է հասկացողութիւն եւ սէր ցուցաբերել եւ օգնել իրենց, որ կարենան իրենց զգացումներուն հետ հաշտ ըլլալ:
Ծնողք մը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել իր զաւակին, որպէսզի ան կառավարէ իր բարկութիւնը:
Հաճելի պահերէն մէկը յիշեցուր զաւակիդ եւ փորձէ այդ պահը պատկերացնել տալ իրեն մտքին մէջ: Օրինակ՝ պտոյտ մը դէպի ծովափ կամ ընկերներով տարեդարձի օր մը: Ան թող լաւ յիշէ այդ օրը եւ ամէն անգամ, որ բարկանայ, երեւակայութեամբ թող հոն հասնի, եւ երեխան այդ ուրախ պահը յիշելով թող մոռնայ կատարուածը:
Այս մէկը պարզապէս մտային դադար մըն է, եւ երեխան անոր կարիքը ունի բարկութեան իր պահուն, երբ զգացումները չեն զսպուիր:
Ինչպէ՞ս կրնաք չպայթած բարկութիւնը անհետացնել:
Անհրաժեշտ է երեխային հասկցնել, թէ ինք անձամբ պէտք է փնտռէ իր իսկական բարկութեան պատճառը եւ իմանայ այդ պատճառը վերացնելու կարելիութիւններուն մասին: Նախ պէտք է մենք անձամբ հասկնանք անոնց բարկութեան իսկական պատճառը եւ ապա իրենց հետ բաժնենք մեր հասկցածը ու անկէ ետք մեր երեխան պիտի զգայ, թէ ինչքան հետաքրքրուած է ծնողքը իր հարցերով ու բարկանալու առիթ իսկ պիտի չունենայ: Հարցերը խօսելով կը պարզաբանուին:
Յաճախ կրկնուելու պարագային պէտք է մէկ բան երեխային յստակացնենք, թէ բարկութիւնը զգալը բնական է եւ ընդունելի, սակայն այդ բարկութիւնը վնասելով արտայայտելը անընդունելի է եւ աւերիչ, ու կրնան շատեր նեղանալ եւ նոյնիսկ վնասուիլ անկէ:
Անշուշտ, երբ երեխան ամէն անգամ կը յաղթէ իր բարկութեամբ եւ առարկայ մը նետելով իր ուզածին կը տիրանայ, քաջ պէտք է գիտնանք, թէ այդ վարքը իր մէջ կը զարգանայ եւ իր հարցերը այլեւս կ’ուզէ միայն այդ ձեւով լուծել: Եթէ ձեր կեցուածքը այս պարագաներուն ըլլայ թոյլ եւ յարափոփոխ, երեխան պիտի շարունակէ օգտագործել այս մեթոտը: Սահմաններ գծելով եւ յստակ ձեր անհամաձայնութիւնը հետեւողական ձեւով իրեն փոխանցելով, ան կը հասկնայ, թէ կարելի է որոշ բաներ ընել կամ նոյնիսկ բարկանալ, բայց բարկութեան պահուն կարելի չէ վնասներ հասցնել աջին ու ձախին: Սահմանները նոր գծուած ատեն կրնայ աւելիով բարկանալ, սակայն ժամանակի ընթացքին կը մեղմանայ եւ յաճախականութիւնը կը նուազի:
Կրնա՞յ ըլլալ ձեր զաւակին բարկութիւնը ուրիշ բանի նշան մըն է:
Եթէ բարկութենէն անկախ ձեր երեխային մօտ նկատած էք հետեւեալ նշանները, կը նշանակէ, թէ աւելի լաւ եւ իմաստուն քայլ մը կ’ըլլայ մասնագէտի դիմելը:
Բարկութեան կողքին նկատա՞ծ էք, թէ ձեր երեխան յոռետես է եւ իր կարողութիւնները միշտ կը թերագնահատէ:
Ուտելու իր ախորժակին եւ քնանալու սովորութեան մէջ փոփոխութիւն նկատա՞ծ էք:
Արդեօ՞ք ձեր երեխան իր հետաքրքրութիւններուն հանդէպ անտարբերութիւն սկսած է ցուցաբերել, մինչ շատ խանդավառութեամբ կը կատարէր զանոնք:
Այս նշանները եթէ կը տեսնէք, ուրեմն սովորական բարկութեան սահմանները անցած է եւ հետեւաբար մասնագէտի մը դիմելը անհրաժեշտ է:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
Հարստութիւնը ծովու ջուրին պէս է, որքան շատ խմես, այնքան կը ծարաւնաս:
Շոփէնհաուըր
Կինը կը նմանի ծովուն: Իր հրապոյրներով կը գրաւէ քեզ՝ փոթորիկներու ենթարկելու համար:
Ճորճ Պերնարտ Շօ
Դու առաջին լսողը միշտ, վերջին խօսողը եղիր:
Յովհաննէս Շիրազ
Առանց երաժշտութեան սխալ պիտի ըլլար կեանքը:
Նիցչէ
Միայն արին, քաջն ու հերոսը կարող են զոհաբերել:
Գարեգին Նժդեհ