ՊԱԼ, «Ռոյթըրզ».- Զուիցերիոյ մէջ կայացող արհեստավարժ թենիսի «Տաւիտոֆ» մրցաշարքի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ երկրորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ի երեկոյեան 6-2 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց խրուաթ Ռոքօ Քարանուսիչի դէմ, երկրորդ հանգրուան հասնելով:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան Չորեքշաբթի օրուան մրցումին ընթացքին: