ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Շուշիի մէջ կազմակերպեցին միջազգային համաժողով մը:
«Յետ-պատերազմի մարդասիրական օրակարգի զարգացում. կայուն զարգացում մշակութային միջավայրի վերածնունդի միջոցով» նիւթով համաժողովին, ինչպէս կը հաղորդուի, ատրպէյճանցի պաշտօնեաներէն բացի կը մասնակցէր ԵՈՒՆԵՍՔՕի հարցերու Մալթայի ազգային յանձնաժողովի նախագահ Ռայմոնտ Պոնտին եւ ՄԱԿի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի բարձր ներկայացուցիչ Միքել Անխել Մորաթինոս:
Ռայմոնտ Պոնտին համաժողովին ընթացքին նշեց, որ կ՛առաջարկուի Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական Շուշին ներառել ԵՈՒՆԵՍՔՕի ժառանգութեան ցանկին վռայ: Ան նշեց, որ Շուշին ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին վռայ ներառուելու լաւագոյն թեկնածուն է: