ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 Մայիսին տարածաշրջանի իրավիճակը եւ զարգացումները, ինչպէս նաեւ հայաստանեան զանազան օրակարգեր քննարկեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Լիթուանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Կիթանաս Նաուսետանի հետ։
Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի դիրքորոշումները հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման, հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման վերաբերեալ` ընդգծելով, որ Երեւան կ՛առաջնորդուի խաղաղութեան օրակարգով, բայց այդ գործընթացը չի կրնար միակողմանի ըլլալ:
Նաուսետա իր կարգին շեշտեց, որ խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ տնտեսական աճը համատեղ հետաքրքրութիւնն են տարածաշրջանի երկիրներուն, իր երկրին եւ Եւրոպական Միութեան համար՝ աւելցնելով, որ Լիթուանիա պիտի շարունակէ իր նպաստը բերել տարածաշրջանային երկխօսութեան կայացման, կայունութեան եւ բարգաւաճման:
Անոնք նաեւ ընդգծեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ Արցախի հիմնահարցի համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Նաուսետա տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի հետ եւ շեշտեց, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար շատ կարեւոր են երկխօսութիւնը ու փոխըմբռնման մթնոլորտի ձեւաւորումը: