
ԹԵՀՐԱՆ, «Իրնա».- Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւ անցեալ շաբաթ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Պաղերիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային վերջին զարգացումները, Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ պաշտպանութեան եւ ապահովական ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու ընդլայնումը:
Ատրպէյճանցի պաշտօնատարը Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ եւ քննարկեց երկկողմ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր: