Կարօ Յովասափեան Սեպտեմբեր 6, 2006ին Նոյ Նահապետին հետեւեցաւ եւ Արարատի գագաթին վրայ ծածանեցուց Եռագոյն դրօշը:
Հոկտեմբեր 11, 2006ին «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի առաջինէն մինչեւ հինգերորդ կարգի աշակերտները պատիւը ունեցան վայելելու վերջին անգամ Արարատի գագաթին գտնուող լեռնագնացը՝ Կարօ Յովասափեանը:
Յովասափեան Մասիս բարձրացաւ ռուսական խմբակի մը հետ, Արեւմտահայաստանի Պայազիտ շրջանէն:
Աշակերտները «Սողանալեան» սրահ ուղղուեցան, ուր լեռնագնացը իր պատրաստած նկարներու պաստառով ներկայացուց իր մագլցած աշխարհի վեց բարձրագոյն կէտերը:
Յովասափեան ծնած է Թեհրան, ապա անցած է Ռուսիա, Քանատա եւ ներկայիս կ’ապրի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան 47 տարեկան է եւ ամբողջ կեանք մը մարզանքով զբաղած է: Լեռնագնացութեան սէրը իր մէջ մանկութենէն արդէն յայտնի եղած է: Առաջին իր փորձերը կատարած է Գեղամայ լեռներուն եւ Արագածի վրայ: Արագածը ներկայ Հայաստանի բարձրագոյն կէտն է, որ Յովասափեան նուաճած է վեց անգամ:
Յովասափեան աշակերտներուն ըսաւ. «Երբ Մասիսի զենիթին հասայ, արդէն ոտքերս չափազանց յոգնած էին, ծունկերուս վրայ ինկայ եւ արցունքներս սկսան աչքերս այրել»: Ան իրագործած էր իր կեանքի քաղցրագոյն երազը՝ բարձրանալ հայ ժողովուրդի խորհրդանիշ լերան գագաթը ու Եռագոյնով պատուել զայն, որ երկար ժամանակէ ի վեր թրքական տիրապետութեան պատճառով զրկուած է իր հարազատ դրօշէն:
Անշուշտ Արարատ մագլցիլը լեռնագնացին մեծագոյն փորձառութիւնը չէր: Ան աշխարհի բարձրագոյն վեց կէտերը նուաճած է՝ վեց ցամաքամասերու վրայ, ներառեալ Էվէրէսթը եւ հարաւային ու հիւսիսային բեւեռները: Ան Էվէրէսթ բարձրանալ երազած է ամբողջ 23 տարիներ եւ ի վերջոյ յաջողած է նուաճել այդ տիտանը անցեալ տարի: Յովասափեան աշխարհի «տանիք»ը հասաւ առաջին իսկ փորձէն, 14 քիլոկրամ կորսնցնելով երկու ամսուան ընթացքին:
Ան հաստատեց թէ, «ամէն անգամ, որ լեռ կը մագլցիմ, ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կը զգամ կատարած աշխատանքիս համար»:
Յովասափեան իր ուխտագնացութիւնը դէպի Արարատ սկսաւ Պայազիտէն Սեպտեմբեր 3, 2006ին եւ անոր 5165 մեթր բարձրութեամբ գագաթը նուաճեց Սեպտեմբեր 6, 2006ի առաւօտեան ժամը 6:15ին, իր խմբակի 10 ընկերներուն հետ միասին, որոնք բոլորն ալ տարբեր ազգերու զաւակներ էին:
Չափազանց համեստ իր կեցուածքով ու խօսակցութեամբ, գրաւեց ներկաներուն ուշադրութիւնը եւ մանուկներուն սրտին մէջ Հայաստանի, Արարատի եւ լեռնագնացութեան հանդէպ յատուկ ուշադրութիւն եւ սէր արթնցուց:
Յովասափեան միակ հայն է, որ հասած է հիւսիսային եւ հարաւային բեւեռներ ու շուտով կը դառնայ աշխարհի լաւագոյն 11 լեռնագնացներէն մէկը, որոնք կրցած են նուաճել բարձրագոյն կէտերը եօթը ցամաքամասերու վրայ:
Յովասափեան միայն պէտք է նուաճէ Ուիլսըն գագաթը Անթարքթիքայի մէջ եւ այդպիսով պիտի հասնի իր երազանքին: Այս մէկը նախատեսած է իրականացնել յառաջիկայ Դեկտեմբերին:
«Ապագային այդ դրօշը, որ ինծի հետ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարեց, պիտի նուիրեմ Հայաստանին: Ան պիտի ըլլայ առաջին հայկական դրօշը, որ այցելած է եօթը բարձրագոյն կէտերը աշխարհի եօթը ցամաքամասերու վրայ», այսպէս խրախուսեց ան աշակերտները, որոնք իրենց մանկական հարցումներու տարափով իր համբերութեան սահմանը չափեցին:
Իսկապէս հպարտութեան առիթ մըն է պրն. Յովասափեանը բոլորիս համար եւ օրինակելի տիպար մըն է, ոչ միայն իր իւրայատուկ մասնագիտութեամբ, այլեւ իր ազնիւ հոգիին պատճառով:
Տիպար հայ մը, որ Հայաստան չապրելով հանդերձ, իր բոլոր դժուար պահերուն հայկական դրօշէն անբաժան է, իբրեւ պահապան եւ ապաւէն: