ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի, Իրանի եւ Վրաստանի ուժանիւթի նախարարները Սեպտեմբեր 29ին Երեւանի մէջ ստորագրեցին եռակողմ փոխըմբռնման յուշագիր:
Ըստ նշեալ յուշագիրին՝ մինչեւ տարեվերջ Իրանէն Հայաստանի տարածքով ուժանիւթ պիտի մատակարարուի Վրաստանին, իսկ 2007ի գարնան եւ ամրան ամիսներուն Վրաստանէն Հայաստանի տարածքով ուժանիւթ պիտի մատակարարուի Իրանին: