
28 Մայիս 1918ի անկշռելի խորհուրդը այսօր կը յուշէ, որ բազում դարերու ստրկութենէ ետք, մայիսեան մեծ թուականին յարութիւն առած Հայկեան ազատատենչ ոգին մարմի՛ն տուաւ հայ ազգի վսեմ երազանքին, որ, ի գին բազում յաղթականներու, զինուած ուժերու, կամաւորներու եւ շնորհիւ մեր անկախակերտ ժողովուրդին, վերստի՛ն կոչուեցաւ կեանքի՝ ո՛չ միայն իբրեւ լոկ գաղափար, այլեւ իբրեւ քաղաքակա՛ն իրողութիւն, որ մինչեւ օրս մեր ժողովրդեան կեանքը կը լուսաւորէ՝ ըլլալով ամենաոսկի տարեթիւ մեր ազգի պատմութեան:
Արդարեւ, շնորհիւ Արամ Մանուկեանի առաջնորդող հրամանատարութեան եւ ազգի ու հայրենիքի փրկութեան դրօշին տակ խմբուած Դրօներու, Գարեգին Նժդեհներու ու բազում քաջարի նահատակներու բազկի ուժին, թրքական կանոնաւոր զօրքին դէմ ծա՛ռ եկաւ հայ ազգը ամբողջ եւ միացեալ կամքով ու գերագոյն զոհողութեամբ հիմը դրաւ հայկական պետութեան՝ Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի դարաւոր երազանքին փչելով նոր շունչ, այլեւ Ա. աշխարհամարտի պատճառած սովի, համաճարակի ու թշուառութեանց ենթակայ հայութեան եւ 1915ի Ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետագայ սերունդներուն կտակելով՝ հայրենեաց հողի վրայ գոյատեւելու ապագայավառ տեսիլք, ինքնիշխան ապրելու նոր հնարք եւ իբրեւ հայ ազգ ու Հայաստան դարձեա՛լ բարգաւաճելու աստուածատուր կարելիութիւն:
«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»… Արդ, իբրեւ շառաւիղը հերոսական մեր նախնիներուն, մեր ազգի զաւակները պարտին համախմբուիլ Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի ճակատամարտերէն մինչեւ մեր ներկան ղօղանջող ազգային գերագոյն իտէալին շուրջ՝ հայրենեաց հողն ու սրբութիւնները պահելու համար անաղարտ եւ ո՛չ մէկ պայմանի տակ թոյլ տալ, որ «խուժան ասկեար»ներ հասնին մայիսեան փառահեղ յաղթանակներ կերտած Հայաստանի ու Արցախի ընդերային կամ հողային հարստութեանց, պղծեն հայ ազգի ոգեղէն սրբութիւնները, ջլատեն հայոց բանակի ու կամաւորներու մարտունակ կորովը, մթագնեն Հայ Դատի յաղթական շքերթը եւ կամ դոյզն փորձ կատարեն տիրելու բոլոր այն արժէքներուն, որոնք գերազանցապէս հայ են, հայկական դրոշմ կը կրեն եւ հայօրէն կը գործեն մեր ազգի տան մէջ թէ երկրագունդի տարածքին:
Երէկուան Սարդարապատը այսօր մեր Շուշին է: Նաեւ այս հաւատքով է, որ 28 Մայիսի առիթով հրաւիրուած ենք արժեւորելու մեր ներկան եւ մանուկեանական տեսիլքին համահունչ զարկերակով կռանելու համահայկական կամք ու ձգտում՝ բռնագրաւուած Շուշին ոչ-հեռու Մայիսի մը վերստին միացնելու իր հարազատ մօր՝ որդեկորոյս ու արիւնածոր, բայց մի՛շտ հայ ու յաղթական, արծուեբոյն Արցախի գիրկը:
Կեցցէ՛ Արամ Մանուկեանի, իր զինակիցներուն եւ իրենց կանաչ կեանքերը ազգի ու հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական սուրբ գործին ընծայած բոլոր ժամանակներու անմահներուն յիշատակը:
Յաղթական գոյերթ՝ ազատատենչ Հայաստանի ու հայ ժողովրդեան:
ԹՈՂ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏՈՒ՛Ի ՇՈՒՇԻՆ, ԵՒ ԲԱՐՁՐԱԳՈՌ ՂՕՂԱՆՋԵՆ ԱՐՑԱԽ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՈԼՈՐ ԶԱՆԳԵՐԸ: