ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԻՐ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Վերջին անգամ 2015ին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած «Փիւնիկ Երեւան»ը, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն հիւրընկալեց «Արարատ»ը, նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով՝ 15րդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան:
Միւս կողմէ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը պատրաստուի «Ազգերու լիկա»ի ֆութպոլի մրցաշարքին: Հայաստան նախորդ տարեշրջանին Գ․ դասակարգէն Բ․ դասակարգ բարձրացաւ եւ իր դէմ պիտի ունենայ աւելի փորձառու կազմեր։
Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Իրլանտայի (4 Յունիս), Սկովտիոյ (8 Յունիս), Ուքրանիոյ (11 Յունիս) եւ Սկովտիոյ (14 Յունիս) դէմ։
Նաեւ նշենք, որ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Լիբանանի դէմ: