
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Նաւասարդեան 45րդ պատմական մարզախաղերը եւ փառատօնը տեղի պիտի ունենան Լոս Անճելըս քաղաքի համալսարանին մէջ, սերունդէ սերունդ համայնքին սպասարկող ՀՄԸՄի մարզական ծրագիրները տօնելու առիթ մը հանդիսանալով:
Լոս Անճելըս քաղաքի համալսարանը յատուկ տեղ ունի շրջանի ՀՄԸՄականներուն սիրտին մէջ, որովհետեւ Նաւասարդեան առաջին մարզախաղերը այնտեղ տեղի կ՛ունենային 1970ականներուն:
4 Յուլիսի շաբաթավերջին իր աւարտին հասնող Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերը եւ փառատօնը նաեւ պիտի նշեն համաճարակին պարտադրած դադարէն ետքշ ՀՄԸՄի եւ անոր բազմաթիւ մասնաճիւղերուն ու անոնց անդամ մարզիկներուն յաղթական վերադարձը:
Մարզական խաղերու աւարտական մրցումները տեղի պիտի ունենան 29 Յունիսէն 3 Յուլիսի միջեւ, իսկ փառատօնը պիտի սկսի 1 Յուլիսին, կ.ե. ժամը 4էն սկսեալ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 3 Յուլիս: Փակման արարողութիւնը պիտի սկսի 3 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ աւանդական տողանցքը:
«Հպարտ ենք մեր մարզիկներով. անոնք կը հանդիսանան մեր կարեւորագոյն իրագործումը, որովհետեւ մեզի կը պարտադրեն զիրար բարձրացնելու` ազնուութեան, մարզական ոգիի եւ հեզութեան արժանիքներով: Փառատօնը լաւ առիթ մըն է մեզի համար՝ շնորհակալութիւն յայտնելու», կ՛ըսէ «2022ի Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին արժանացած Վարանդ Մելքոնեան:
Լոս Անճելըս քաղաքի համալսարանի հասցէն է` 855 North Vermont Avenue, Los Angeles, CA 90029. անիկա մօտիք է հանրակառքերու կայաններուն եւ ունի յատուկ կարիքներ ունեցողներու կանգառներ:
Աւելի կանուխ՝ 26 Յունիսի երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ աւանդական «Յաղթանակի պարահանդէս»ը, Beverly Hilton պանդոկի սրահին մէջ, առիթ մը հանդիսանալով տօնելու ՀՄԸՄի մարզական, սկաուտական եւ հանրային սպասարկութիւնները:
Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերը եւ փառատօնին, ինչպէս նաեւ «Յաղթանակի պարահանդէս»ին մասին յաւելեալ տեղեկութիըններու համար այցելել կայքը կամ դիմել (323) 344-4300 թիւին:


I would like to add that boys abs girl scouts also will participate in the traditntal parade.
I have been very lucky in the past, for having
Participated in the parade , lead by Our own marching band, playing our own music.
This experience is second to none , and we must thank Our current abs past leaders , who had brought these games to US, here in Los Angeles.
We must also be proud to have many Eagle Scouts in our ranks, even Female Eagle Scout. My hope is to have Our Eagle Scouts participate in the parade, to help us join them to celebrate Together; their unique and historic achievements.