ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ Թուրքիոյ նախագահն է 2014 թուականէն ի վեր, կը ծրագրէ յառաջիկայ տարի կրկին առաջադրել իր թեկնածութիւնը: Նախապէս, 2003էն 2014 տարիներուն, ան եղած է վարչապետ, իսկ 1994ին ընտրուած է Պոլսոյ քաղաքապետ՝ իբրեւ իսլամական «Բարեկեցութիւն» կուսակցութեան թեկնածու։ Սակայն, 1998ին, զայն զրկեցին այդ պաշտօնէն, արգիլեցին անոր քաղաքական պաշտօն վարել եւ զայն չորս ամիսով կալանաւորեցին՝ արտասանելէն ետք բանաստեղծութիւն մը, որ կը դիտուէր իբրեւ բռնութեան, կրօնական կամ ռասայական ատելութեան սադրանք: Ահա՛ չարաբաստիկ տող մը այդ բանաստեղծութենէն. «Մզկիթները մեր զօրանոցներն են, գմբեթները՝ մեր սաղաւարտները, մինարէները՝ մեր սուինները, իսկ հաւատացեալները՝ մեր զինուորները»: 2001ին, ուրիշներու հետ, ան հիմնեց «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (ԱԶԿ): Այսպէս, Էրտողան մօտաւորապէս 30 տարի շարունակ ներկայ եղած է թրքական կառավարութեան ամէնէն բարձր օղակներուն մէջ:
Էրտողան ներկայիս դիմած է իր ամերիկաբնակ զարմիկին՝ Թուրքիոյ քաղաքացի դոկտ. Հալիլ Մութլուին՝ 2023ի նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ Միացեալ Նահանգներ ապրող թուրք քաղաքացիներու քուէները ստանալու համար, վերընտրուելու իր փոքր հնարաւորութիւնները մեծցնելու նպատակով:
Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան» օրէնքի (FARA) փաստաթուղթերուն համաձայն՝ դոկտ. Մութլու 11 Մայիս 2022ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է իբրեւ քաղաքական լոպիիսթ՝ թրքական իշխող կուսակցութեան (ԱԶԿ) անունով եւ իբրեւ անոր միակ ներկայացուցիչը: Դոկտ. Մութլու Քենեթիքըթ նահանգի Ուինծըր քաղաքի բնակիչ է: ԱԶԿի ներկայացուցչութեան գրասենեակը պաշտօնապէս արձանագրուած է իբրեւ ամերիկեան ընկերութիւն՝ 2 Մայիս 2022ին, եւ տեղակայուած է մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ:
Մութլուի կողմէ ստորագրուած FARA-ի արձանագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «ԱԶԿի ներկայացուցչութիւնը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ: Անոր պարտականութիւնները կը ներառեն Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն միջեւ քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային գործունէութեան կազմակերպումը: Անիկա նաեւ նպատակ ունի նպաստել Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութեան ու պատմական բարեկամութեան հետագայ զարգացման…: FARA-ի արձանագրութեան ձեւը կը բացայայտէ լոպիիական այս լայնածաւալ հնարքի իրական նպատակը. «Անիկա նաեւ կը պատրաստէ եւ կը տարածէ ԱԶԿի նիւթերը Միացեալ Նահանգներու մէջ, ընտրութիւններու ժամանակ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն քաղաքական աջակցութեան համար»:
FARA-ի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ԱԶԿի ամերիկեան գրասենեակը կը ներկայացնէ ԱԶԿի գլխաւոր գրասենեակը, որ կը գտնուի նախագահ Էրտողանի Չանքայա նախագահական պալատին մէջ, Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ ԱԶԿի ամերիկեան գրասենեակը իր գործունէութիւնը ֆինանսաւորելու համար՝ «չունի հաստատուած ամավարկ կամ յատկացուած որոշ գումար»: Դոկտ. Մութլու պիտի աշխատի առանց որեւէ վարձատրութեան:
FARA-ի արձանագրութեան ամբողջացուած դիմումին մէջ նաեւ կը նշուի, որ ԱԶԿի ամերիկեան գրասենեակը տեղեկութիւն կը տարածէ ամսագիրներու, թերթերու, գովազդային արշաւներու, մամլոյ հաղորդագրութիւններու, «պռոշիւր»ներու, այլ հրապարակումներու, դասախօսութիւններու, ելոյթներու, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի սփռումներու, ժապաւէններու, նամակներու, հեռագիրներու, ելեկտրոնային թողարկման, կայքերու եւ ընկերային ցանցերու միջոցով:
ԱԶԿի ամերիկեան գրասենեակը յայտարարած է, որ վերոնշեալ տեղեկութիւնը կը հասցնէ պետական պաշտօնեաներուն, քաղաքացիական խումբերուն, ընկերակցութիւններուն, օրէնսդիրներուն, գրադարաններուն, պետական կառոյցներուն, կրթական խումբերուն, թերթերուն եւ ազգային խմբերուն:
Դժուար թէ դոկտ. Մութլու կարողանայ նման հսկայածաւալ աշխատանք կատարել «կիսաժամ աշխատանքով»՝ առանց անձնակազմի եւ առանց վարձատրութեան: Յոյսով եմ, որ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի այսպիսի հսկայական ծախսերու համար օգտագործուող միջոցներու շարժումներուն:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը 2014էն ի վեր թոյլ տուած է երկրէն դուրս ապրող իր քաղաքացիներուն՝ քուէարկելու ներքին ընտրութիւններուն: Սփիւռք գտնուող Թուրքիոյ քաղաքացիներու քուէն կարեւոր է, նկատի ունենալով, որ 2018ի նախագահական ընտրութիւններուն քուէարկած է անոնցմէ մօտաւորապէս 1.5 միլիոն հոգի, այսինքն՝ երկրէն դուրս ապրող թուրքերուն աւելի քան 50 տոկոսը, որուն շարքին՝ Գերմանիոյ մէջ՝ 811 հազար, Ֆրանսայի մէջ՝ 186 հազար, Հոլանտայի մէջ՝ 145 հազար, Աւստրիոյ մէջ՝ 60 հազար եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 46 հազար հոգի: Էրտողան ստացած է արտասահմանի մէջ տրուած բոլոր քուէներուն մօտաւորապէս 60 տոկոսը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Էլ Մանիթըր» լրատուական կայքը հաղորդած է, որ «Թրքական ընդդիմութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլու բարձրաձայնած է, թէ միլիոնաւոր տոլարներ գողցուած են, որպէսզի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, գալիք ընտրութիւններուն պարտուելու պարագային՝ երկրէն կարենայ փախչիլ…։ Քըլըճտարօղլու ըսած է, որ 61 միլիոն տոլարի համարժէք գումար մը «անսպասելիօրէն» փոխանցուած է Միացեալ Նահանգներ՝ նախագահին մօտիկ կանգնած կրթական հիմնադրամներու միջոցով»: Նիւ Եորք գտնուող «Թիւրքէն» հիմնադրամի 2017ի հարկային յայտարարագիրը ցոյց կու տայ, որ անոր ունեցուածքը կը կազմէ աւելի քան 43 միլիոն տոլար: Էրտողանի երկու զաւակները՝ որդին՝ Պիլալ եւ դուստրը՝ Էսրա, եղած են Հիմնադրամի խորհուրդին մէջ: 2014ին Հալիլ Մութլու նշանակուած է «Թիւրքէն» հիմնադրամի նախագահ: Ան նաեւ Ուաշինկթընի մէջ գործող թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավարման յանձնախումբի խորհուրդի անդամ էր, մինչեւ որ իր կինը՝ Լին Մութլու, փոխարինեց զայն խորհուրդի կազմին մէջ:
Դեռ յայտնի չէ, թէ արդեօք դոկտ. Մութլուն կը յաջողի՞ համոզել մեծ թիւով թուրք ամերիկացիներ, որպէսզի յաջորդ տարուան ընտրութիւններուն քուէարկեն յօգուտ Էրտողանի: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ եթէ Էրտողան չվերընտրուի եւ Թուրքիա մնայ, ինչպիսի՛ իրաւական հարցերու առաջ պիտի կանգնի՝ քանի մը տասնամեակ թրքական բազմաթիւ օրէնքներ խախտած ըլլալուն համար:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ