ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Պրիւքսէլ իր քայլերը չէ համադրած Ռուսիոյ հետ, միտք ալ չունի այդ ընելու։ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը` անանուն մնալու պայմանով:
Աւելին, եւրոպացի դիւանագէտը ըսաւ, թէ այժմ թէ՛ Երեւանը, թէ՛ Պաքուն կը զգուշանան Քրեմլինէն՝ աչքի նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումները:
«Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութեան ու Ռուսիոյ միջեւ որեւէ յառաջընթաց չկայ, եւ ոչ ալ մտադրութիւն` ռուսերուն հետ կապ հաստատելու: Երկու կողմերն ալ վախցած են Մոսկուայէն, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը հրապարակաւ ցոյց չեն տար, յատկապէս, Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն լոյսին տակ։ Երկուքն ալ կը գիտակցին, որ յաջորդը կրնան իրենք ըլլալ», «Ազատութեան» ըսաւ եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը՝ աւելցնելով. «Ռուսիա թերեւս կասեցուց պատերազմը, սակայն ակնյայտ է, որ գործընթացի շարունակութիւնը տեղի կ՛ունենայ Պրիւքսէլի մէջ, ոչ թէ Մոսկուայի: Եւ այն, որ կողմերը այդքան յաճախ կու գան Պրիւքսէլ, անոր փաստերէն մէկն է»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները միայն անցած կէս տարուան ընթացքին երեք հանդիպումներ ունեցան Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի գլխաւորութեամբ, ընդ որում, վերջին երկուքը եղած են Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ սկսած պատերազմէն ետք:
Մոսկուա ակնյայտ դժգոհութեամբ կ՛արձագանգէ Պրիւքսէլի միջնորդական այս ջանքերուն. շաբաթներ առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակաւ Արեւմուտքը մեղադրեց «ռուս-ատրպէյճանական-հայկական յայտնի պայմանագիրներու թեման ամէնէն բարձր մակարդակով իւրացնելու անամօթ փորձերուն համար»՝ պնդելով, որ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ աւելցուցած են իրենց դիւանագիտական աշխուժութիւնը` հրաժարելով համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ:
Աւելի կանուխ, այս մասին բացայայտ խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ հայ պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին։
Հայկական կողմը պարբերաբար կը խօսի միջնորդական խումբի կարեւորութեան մասին, եւ ամիսներ առաջ դիմեց համանախագահութեան` Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու համար: Որեւէ արձագանգ չեղաւ: Պատասխանելով այս մասին «Ազատութեան» հարցումին՝ պաշտօնեան հաստատեց, որ միջնորդական ձեւաչափը թէեւ իրաւականօրէն կայ, բայց իրողապէս չի գործեր:
«Պիտի չըլլայ պաշտօնական յայտարարութիւն այն մասին, որ Մինսքի խումբը մեռած է, բայց անիկա այլեւս կենսունակ չէ», ըսաւ դիւանագէտը՝ աւելցնելով, թէ ռուս-ուքրանական պատերազմէն ետք Արեւմուտքի մէջ ընդհանրապէս չեն ուզեր, որ որեւէ բան կապ ունենայ Պելոռուսի կամ Մինսքի հետ:
Այդ պարագային արեւմուտքը ի՞նչպէս կը պատկերացնէ հետագայ զարգացումները՝ նկատի ունենալով, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք Ռուսիոյ նախագահ Փութինի միջնորդութեամբ ստորագրուած հրադադարի յայտարարութեան մէջ յստակօրէն կը նշուի, որ Մոսկուա առնուազն հինգ տարի ոչ միայն իր խաղաղապահ առաքելութիւնը պիտի ունենայ Առցախի մէջ, այլ նաեւ պիտի վերահսկէ ճանապարհը Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, երբ կողմերը ապաշրջափակման շուրջ համաձայնութեան գան:
«Ինչ կը վերաբերի Նախիջեւանի ճանապարհին եւ հաղորդակցութեան միւս կէտերուն, որոնք պէտք է ըլլան Ռուսիոյ հսկողութեան տակ, այո՛, այդպէս է, եւ առայժմ այդպէս պիտի ըլլայ, սակայն գաղափարը այն է, որ անիկա վերջապէս փոխուի: Ոեւէ մէկը, անշուշտ, չի կասկածիր, թէ անոր համար տեւական ժամանակ պիտի պահանջուի», ըսաւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան` չյստակացնելով, թէ ինչպէ՛ս կողմերը պիտի փոխեն դրոյթները, որոնք 9 Նոյեմբերէն ետք անխտիր բոլորը ողջունեցին:
Առայժմ յստակ չէ նաեւ բանակցութիւններու թերեւս ամէնէն վիճայարոյց` Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակի հարցը: Պաքու կը պնդէ, որ նման հարց այլեւս գոյութիւն չունի, Երեւան կը պահանջէ, որ նախ Ղարաբաղի ապահովութեան ու հայերու իրաւունքներու, ապա` կարգավիճակի հարցը ճշդուի: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, անդրադառնալով այս տարակարծութիւններուն, այս շաբաթ յայտարարեց, թէ «յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման համար պէտք է քննարկուին հակամարտութեան հիմք հանդիսացող բոլոր հարցերը, ընդ որում` հարցի բոլոր կողմերուն միջեւ»:
Արդեօք Եւրոպական Միութիւնը նկատի ունի նաեւ Արցախի մասնակցութի՞ւնը, եւ ի՞նչ լուծում կը տեսնէ Պրիւքսէլի մէջ՝ ապահովութեան երաշխաւորման եւ կարգավիճակի համար հարցումին՝ եւրոպացի դիւանագէտը պատասխանեց. «Ակնյայտ է, որ անիկա որոշ պահու պիտի դրուի բանակցութիւններու սեղանին, բայց` ոչ հիմա, որովհետեւ անիկա ամէնէն դժուար հարցն է, եւ կարիք չկայ ժամանակէն առաջ բանակցութիւնները ծանրաբեռնելու»:
Այս փուլին, ըստ «Ազատութեան» զրուցակիցին, կարեւորագոյնը այն է, որ կողմերը կը շարունակեն կապերը՝ հակառակ տարակարծութիւններուն: «Վերջին հանդիպումը սիրալիր չէր, բայց յառաջընթաց կայ», ըսաւ ան՝ առանց յստակ մանրամասնութիւններ տալու:
Հակառակ անոր որ թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու կը հաստատեն, որ պատրաստ են խաղաղութեան, սակայն իրավիճակը պարբերաբար կը սրի սահմանին վրայ: Պրիւքսէլեան հանդիպումէն ետք ատրպէյճանական կրակոցէն հայ զինուոր մը զոհուեցաւ, իսկ նախագահ Ալիեւ, վերադառնալով Պաքու՝ յայտարարեց, թէ Փաշինեան ընդունած է Ատրպէյճանի բոլոր պահանջները, որոնց կարգին համաձայնած է զանգեզուրեան միջանցք բանալ: Երեւան հերքեց, իսկ բանակցութիւններուն ներկայ եղած Շարլ Միշէլ` ափսոսանք յայտնեց: Միջնորդներէն ոեւէ մէկը, սակայն, Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները եւ կրակոցները չեն դատապարտեր: