ԵՐԵՒԱՆ.- Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, 6 Յունիսին տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքը, որուն ընթացքին արտասանուեցան խօսքեր, ընթերցուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ յայտարարութիւնը, ցուցադրուեցաւ նախորդ շաբթուան «Դիմադրութիւն» շարժման գործողութիւնները:
«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ հակառակ բազմաթիւ փաստերուն, ապօրինութիւններուն, բռնութիւններու մասին յստակ ապացոյցներուն, ցարդ ոեւէ ոստիկան պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած: Ան յատկապէս շեշտեց, որ 3 Յունիսին, Դէմիրճեան փողոցին մէջ ոստիկանութեան կողմէ շատ մեծ բռնութիւն բանեցուած է ցուցարարներուն նկատմամբ:
Ան նշեց, որ, ըստ պաշտօնական տուեալներու, մինչ օրս «Դիմադրութիւն» շարժման առաւել քան 2100 ցուցարարներ ձերբակալուեցան եւ տարուեցան ոստիկանութեան զանազան բաժանմունքներ: «Սակայն մենք գիտենք, որ ոչ բոլոր բերման ենթարկուածներն են փաստաթղթաւորուել ոստիկանութեան կողմից: Իրականում բերման ենթարկուածների թիւը մօտ 2500 հոգի է: Ապրիլի 25ից սկսած՝ ձերբակալուել են 48 արժանապատիւ քաղաքացիներ: Նրանցից 24ը կալանաւորուել են: Հէնց այս պահին էլ դատարանները քննում են կալանքի միջնորդութիւններ: Փաստ է, որ «ժողովրդավարութեան բաստիոն (ամրոցին մէջ)»ում կան մօտ 5 տասնեակ քաղբանտարկեալներ (ներառեալ մինչեւ շարժումը կալանաւորուածները): Ձերբակալուած եւ կալանաւորուած քաղաքացիների մեղադրանքները անհիմն են կամ ոչ իրաւաչափ», շեշտեց Սաղաթէլեան:

Ան կոչ ուղղեց Գլխաւոր դատախազութեան՝ գոյութիւն ունեցող փաստերուն եւ ապացոյցներուն հիման վրայ անմիջապէս քայլերու ձեռնարկելու եւ ապօրինութիւն կատարած ոստիկանները ձերբակալելու: «Հակառակ պարագայում դուք ձեր քայլերով եւ գործողութիւններով նպաստում էք նոր բռնութիւնների: Եթէ ժամանակին կանխէիք այն ոստիկանների գործողութիւնները, որոնք յստակ բռնութիւն էին գործադրում քաղաքացիների նկատմամբ, Յունիսի 3ին այդ դէպքերը չէին կրկնուի»ջ, յայտնեց Սաղաթէլեան:
Վրանները Ֆրանսայի հրապարակէն հաւաքելու կամ պայքարը դադրեցնելու մասին խօսակցութիւններուն անդրադառնալով՝ Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այս վրանները ինքնանպատակ չենք տեղադրել: Տեղադրել ենք, որովհետեւ նպատակ ունենք: Մենք այս հրապարակից դուրս գալու որոշում չունենք»:
Ապա ցուցարարները երթով ուղղուեցան դէպի դատախազութիւն: «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակցողները կանգ առին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան շէնքին առջեւ, ապա վերադարձան Ֆրանսայի հրապարակը:
Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ տեղեկացուց, որ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Արցախի քանի մը քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ, քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, խօսուած է «Դիմադրութիւն» շարժումը նաեւ Արցախի մէջ ընդլայնելու մասին: «Յոյս յայտնենք, որ մնացած քաղաքական ուժերը եւս կը միանան այս պահանջին, որովհետեւ այս պահանջը յանուն Արցախի եւ յանուն Հայաստանի է», ըսաւ ան:

Սաղաթէլեան յայտնեց, որ կը քննարկուի «Դիմադրութիւն» շարժումը տարբեր ուղղութիւններով աւելի ընդլայնելու կարելիութիւնը, եւ այդ ուղղութիւններէն է աշխատանքը օտար դեսպանատուներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ:
Ան ընդգծեց, որ պայքարին միացաւ նաեւ Սփիւռքը, ուր վերջին ամսուան ընթացքին «Դիմադրութեան» շարժման օճախներ ձեւաւորուեցան, տարբեր գաղութներու մէջ հաւաքներ կը կազմակերպուին: «Այսինքն, այս կարեւոր փաստը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ամբողջութեամբ վերականգնելու ենք», շեշտեց Սաղաթէլեան: