«Ռէկնում» լրատու գործակալութիւնը հրատարակեց Կովկասի վերլուծական կեդրոնի մասնագէտ Արիս Ղազինեանի վերլուծական մէկ յօդուածը, ուր ան կ՚անդրադառնայ վրացական ազգայնական շարժումը աշխուժացնելու համար Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշւիլիի առած քայլերուն եւ կատարած յայտարարութիւններուն։
Այսպէս, Ղազինեան ակնարկած է Սեպտեմբեր 1ին Սարայեւոյի մէջ նախագահ Սահակաշւիլիի կատարած մէկ յայտարարութեան, որուն համաձայն, Ռուսիա սահմանային Լարսի անցման կէտը Վրաստանի եւ Հայաստանի առջեւ փակելով՝ ճնշում կը բանեցնէ Հայաստանի վրայ, որպէսզի այս վերջինը իր ծրագիրները իրագործէ եւ հակավրացական քաղաքականութիւն որդեգրէ, վստահեցնելով սակայն, որ ոչ ոք տեղի պիտի տայ այս ճնշումներուն առջեւ։ Սակայն, Սահակաշւիլի չէ ճշդած, թէ ճիշդ ի՛նչ են այդ ծրագիրները, որ Հայաստան պէտք է իրագործէ, սակայն անոր կատարած այս յայտարարութիւնը արդէն բաւարար է, որ Հայաստանի հանդէպ իր այս դիւանագիտական կեցուածքի փոփոխութիւնը հարցականի տակ առնուի։
Ղազինեանի կարծիքով, Մոսկուա եւ Երեւան ոչ մէկ ծուղակ կը լարեն Թիֆլիսի համար, սակայն Սահակաշւիլի կը փորձէ լուսարձակները կեդրոնացնել Հայաստանի վրայ ռուսական երեւակայական ազդեցութեան վրայ, որպէսզի քաջալերէ ու աշխուժացնէ վրացական ծայրայեղ ազգայնական շարժումը, եւ այս մէկը բնականաբար կը յարմարի ներկայիս իր վարած քաղաքականութեան։
Այսպէս, Ղազինեանի բացատրութեամբ եւ հակառակ Թիֆլիսի պնդումներուն, Վրաստանի մէջ խմբուած ներկայ հարաւկովկասեան ցեղերը տակաւին միասնական չեն քաղաքական, մշակութային թէ լեզուական գետնի վրայ, եւ անոնք միացեալ հայրենիքի մը հասկացողութիւնը չունին։ Պէտք է նշել նաեւ, թէ պատմութեան ընթացքին Վրաստանի արեւելեան եւ արեւմտեան բաժինները միշտ ալ անջատուած են, ինչ որ արգելք հանդիսացած է միացեալ հայրենիքի մը հասկացողութեան ստեղծման։
Վրացական ազգայնական շարժումը առաջին անգամ սկսած է 19րդ դարու վերջաւորութեան՝ Իլիա Ճաւճաւածէի եւ Աքաքի Ծերեթելլիի աշխատանքով։ Հետաքրքրականօրէն, անոնք ժողովուրդին միասնականութիւնը ապահովելու համար վրացական միացեալ արժէքներու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն աշխատած են բոլոր վրացիներուն համար միացեալ թշնամի մը գտնել եւ անոր միջոցով ազգը միացնել։ Անոնք հայերուն տուած են թշնամիի կերպարը, նկատի ունենալով, որ վրացիները չկարենալով յարմարիլ դրամատիրութեան՝ ստիպուած են իրենց հողերը ծախել հայ վաճառականներու։ Յատկանշականը այն է նաեւ, որ այս թշնամիին ցեղային պատկանելիութիւնը չէ, որ անպայմանօրէն ստեղծած է ազգային միասնականութիւն, այլ սոսկ անոր գոյութիւնն է, որ հանդիսացած է ազգայնական շարժման մղիչ ուժը։
Աւելի ուշ, նոյն այս ձեւով է, որ ստեղծուած է վրացական առաջին հանրապետութիւնը, սակայն շուտով ազգայնական շարժումը սկսած է տկարանալ եւ ճիշդ այդ պատճառով է, որ ներկայիս Վրաստանի ժողովուրդը միասնական չէ, եւ այս մէկը լուրջ հարց մըն է վրացի պատասխանատուներուն համար, որոնք Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ հարցով լուրջ դժուարութեան առջեւ կը գտնուին։
Փաստօրէ՛ն, միջին դարերու այս հոգեբանութիւնն է, որ միշտ ալ ազդած է երկրին քաղաքականութեան վրայ, եւ երկրին ղեկավարները միշտ ալ եղած են այս հոգեբանութեան զինուորները։ Այսպէս, հակառակ անոր, որ վրացական իշխանութիւնները անջատողականութեամբ» կը մեղադրեն Աբխազիան եւ Հարաւային Օսէթիան, սակայն իրականութեան մէջ այս մակդիրը կարելի է գործածել վրացական բոլոր ցեղերուն համար, եւ այս մէկուն լաւագոյն փաստը Վրաստանի առաջին նախագահ Զւիատ Կամսախուրտիան է, որ Մեկրէլ-Աբխազիոյ անկախութիւնը հռչակեց։
Ղազինեան կը բացատրէ՝ ըսելով, որ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ հարցերը ազգային միասնականութիւն չեն ստեղծեր, որովհետեւ Վրաստանի մէջ անցեալին վրացական խորհրդային եւ ընկերվարական հանրապետութեան մը գոյութիւնը, Աբխազիոյ համար կառավարութեան տարած պայքարին ազգայնականութիւնը կը նսեմացնէ եւ այդ պայքարը կը վերածէ գաղութատիրական պատերազմի եւ այս կացութեան առջեւ վրացի պատասխանատուները կը ստիպուին վերադառնալ միջնադարեան իրենց հոգեբանութեան։
Ինչ կը վերաբերի Սահակաշւիլիի, ան կը փորձէ Վրաստանի ամբողջականութիւնը պահել եւ ներքին հարցերը լուծելով՝ միացեալ Վրաստան մը ստեղծել եւ անոր վրայ իշխել։ Ասկէ մեկնած՝ կարելի է որեւէ անակնկալ սպասել Վրաստանի նախագահէն, որ Միացեալ Նահանգներու նեցուկը կը վայելէ։ Իր այս երազը իրականացնելու համար Սահակաշվիլի շատ հաւանաբար իբրեւ մեկնակէտ նկատի կ՚առնէ 1801 թուականը, երբ արեւմտեան Վրաստանի թագաւորութիւնը փուլ եկաւ եւ միացուեցաւ Ռուսիոյ։
Այս ծիրին մէջ Ղազինեան նշած է Էսթոնիոյ նախկին վարչապետ եւ Վրաստանի նախագահի խորհրդատու Մարթ Լաարի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան ըսած է, թէ ռուսական խաղաղարար ուժերը խաղաղութիւնը պահելու համար չեն աշխատիր, այլ կը փորձեն Ռուսական կայսրութեան վերջին կտորները պահպանել։ Ախալի օրաթերթին մէջ լոյս տեսած այս յօդուածին մէջ, ան նաեւ ըսած է, թէ հզօր ուժերը կը ճնշեն խնդրոյ առարկայ տկար երկիրներուն վրայ, որոնց համար մեծ հարց մըն է զօրաւոր դրացիներու գոյութիւնը։ Ան Վրաստանը նկարագրած է իբրեւ փոքր երկիր մը, որուն դրացի Ռուսիան մինչեւ օրս կը շարունակէ աշխատիլ ցարական հոգեբանութեամբ եւ ճնշել Վրաստանի վրայ, սակայն այս մէկով հանդերձ՝ չի յաջողիր իր գերին դարձնել զայն։
Ղազինեան կը բացատրէ՝ ըսելով, որ Սահակաշւիլի «1801ի օրերուն վերադառնալով»՝ հին սովորութիւններուն հաւատարիմ կը մնայ, Վրաստանը կը ներկայացնէ իբրեւ ազնուական երկիր եւ կը յաջողի Ռուսիան ներկայացնել իբրեւ Վրաստանի անկախութեան վերացման պատճառ։ Այս մէկը կը յարմարի նաեւ ամերիկեան քաղաքականութեան շահերուն, նկատի ունենալով, որ այս շահերը կը պահանջեն ռուսեւվրացական կապերու վատթարացումը։ Ահա այս ծիրին մէջ է, որ պէտք է դիտել Սահակաշւիլիի հետ իր վերջին հանդիպումէն ետք նախագահ Պուշի կատարած այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն, իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի ռազմական քայլերու դիմելու իր երկիրը արմատական շարժումներէ պաշտպանելու համար։ Անշուշտ այս յայտարարութիւնը Իսրայէլի համար էր, սակայն հետաքրքրականօրէն անիկա կը յարմարի նաեւ Վրաստանի կացութեան։ Սահակաշւիլի օրին շնորհակալութիւն յայտնած էր նախագահ Պուշի, որ նեցուկ կը կանգնի ազատութեան համար Վրաստանի մղած պայքարին։
Յիշատակութեան արժանի է այն լուրը, ըստ որուն՝ նախագահ Պուշի իրաւունքներն ու անկախութիւնը ամէն գնով պաշտպանելու մասին կատարած այս յայտարարութենէն չորս օր ետք ահաբեկչական գործողութեան մը զոհ գնաց Հարաւային Օսէթիոյ պաշտպանութեան պատասխանատու Օլէկ Ալպորովը, իսկ երկու շաբաթ ետք Վրաստանի խորհրդարանը «Տագնապի շրջաններու մէջ խաղաղապահ ուժերուն» մասին բանաձեւ մը որդեգրեց։ Քիչ ետք Սահակաշւիլի պաշտօնազրկեց տագնապներու լուծման իր նախարարը եւ ծայր առաւ «Քոտորի կիրճի հակաոճրային ծրագիրը»։
Հարցը այս դիտանկիւնէն դիտած՝ կարելի է հասկնալ Սահակաշւիլիի խաղը։ Ան Վրաստանի դէմ հայեւռուսական ծրագիրներու գոյութեան մասին խօսելով՝ կը փորձէ նոր թշնամի մը ստեղծել եւ այսպիսով երկրին մէջ ազգայնական շարժումը վերաշխուժացնել՝ իբրեւ միջոց իր երազի իրականացման։