ՊԱԼ, «Ռոյթըրզ».- Զուիցերիոյ մէջ կայացող արհեստավարժ թենիսի «Տաւիտոֆ» մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ երկրորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ի երեկոյեան սուր պայքարէ մը ետք 6-7 (4-7), 6-3, 7-6 (9-7) արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց սպանացի Ֆելիսիանօ Լոփէզի դէմ, քառորդ աւարտականին հասնելով:
Յայտնենք, թէ այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ Նալպանտեան իր 19րդ մրցումը կը կատարէր ու 17րդ յաղթանակը արձանագրեց: Ան 2002ին շահած է այս մրցաշարքին տիտղոսը, իսկ 2003ին ու 2004ին հասած է անոր աւարտականին:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան Լոփէզի դէմ մրցումին ընթացքին: