
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը Երկուշաբթի օր հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ցաւ յայտնելով հայկական տարբեր վարժարաններու եւ անոնց տնօրէնութիւններուն դէմ վերջերս կատարուած յարձակումներուն համար` կարգ մը անհատներու կողմէ, որոնք հարցականի տակ կը դնեն վարժարաններու՝ հայրենիքին եւ Հայ Դատին նկատմամբ յանձնառութիւնը:
Ստորեւ՝ յայտարարութիւնը.
Անցեալ առաւել քան մէկ տարուան ընթացքին, յատկապէս Արցախի 44օրեայ պատերազմէն ետք, ամբողջ հայութիւնը՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին, կ՛ապրի տագնապալի ու դառն վերիվայրումներ։
Այսու, մեր ցասումը կը յայտնենք, որ այս իրականութեան մէջ, երբ ազգովին կը դիմագրաւենք ծանր իրավիճակներ, մեր Ազգային վարժարաններու եւ աշակերտութեան պատմական կապուածութիւնը եւ յանձնառութիւնը մեր հայրենիքին ու Արցախի նկատմամբ հարցականի տակ կը դրուի։ Առ այս, խստօրէն կը դատապարտենք որեւէ ճիգ՝ զեղծելու այս իրականութիւնը եւ խեղաթիւրելու անցեալի եւ ներկայի մեր յանձնառութիւնը ազգային նպատակներու իրականացման մեր ուղիին մէջ։ Ազգային մեր վարժարանները միշտ անշեղ մնացած են թէ՛ իրենց առաքելութեան մէջ, թէ՛ հայրենանուէր իրենց ծառայութեան մէջ։
1964էն ի վեր՝ առաւել քան կէս դար, մեր ազգային վարժարաններու կառոյցը ամբողջական նուիրումով ծառայած է յաջորդական սերունդներու հայակերտման եւ Սփիւռքի այս ափերուն, հայ լեզուն ու մշակոյթը պահպանելու՝ իր անսակարկ նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը բերերելով Արցախի եւ հայրենիքի բարգաւաճման ի նպաստ զանազան ծրագիրներու։ Մեր աշակերտութեան մտասեւեռումին եւ ազգային դաստիարակութեան առանցք նաե՛ւ դարձած է Արցախը:
Կ՛ուզենք վերահաստատել, որ Սփիւռքի տարածքին ժրաջանօրէն գործող ազգային մեր վարժարանները կը թրծեն եւ կը պատրաստեն հայ սերունդը ազգային բարձր տեսլականով։ Հաւատալով, որ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ՝ մեր վարժարանները «Դէպի Երկիր» նշանաբանին անսած են եւ մեր կառոյցներու սեւեռումը յառած հոն՝ Արցախ Աշխարհ, ուր՝ հայ իրականութիւնը կ՛արիւնի: Մեր կրթական մշակները իրենց ամէնօրեայ դաստիարակութիւնը Արցախի բովէն եւ հայրենիքի հողէն սնեցին: Պատրաստուած սերունդը, հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ անդին լսեց հայրենի հողին արդար կանչը եւ զանազան ձեւերով միշտ պատրաստակամ եղաւ անոր կողքին կանգնելու։ Խորքային եւ իրապաշտ դաստիարակութեան հաւատալով՝ մեր վարժարանները անտեսեցին ուռուցիկ բոլոր երեւոյթները։ Արցախեան պատերազմէն անմիջապէս ետք, մեր Ազգային վարժարանները եւ Արցախի վարժարաններ քոյր դպրոցներ հռչակուեցան։ Ապրիլ 2022էն սկսեալ, մեր բոլոր Ազգային վարժարաններուն վրայ ծածանեցաւ նաե՛ւ Արցախի դրօշը։
Այս բոլորը կը նշենք՝ վերջերս համացանցի հարթակներուն վրայ կատարուած անհիմն յարձակումներուն իբրեւ պատասխան եւ կոչ կ՛ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք հարցականի տակ կ՛առնեն մեր վարժարաններու տածած հայրենասիրական ոգին, կասեցնելու իրենց անճիշդ տեղեկութիւնները տարածելու արշաւը, դադրեցնելու մեր երիտասարդ սերունդին մօտ խտրականութեան ներարկումը, որ միայն պիտի ծառայէ մթնոլորտի սրումին։ Խնամակալ մարմինը կը հաւատայ, որ մեր Ազգային վարժարանները լօզունգային դաստիարակութենէ դուրս եկած, ամէն բանէ վեր՝ կը մնան հայապահպանման եւ մեր ազգային դիմագիծը անաղարտ պահելու ու գոյատեւման կեդրոններ, շարունակելով կայուն ու մշտական կապեր հիւսել հայրենի հողին եւ արիւնոտ մեր Արցախին հետ։
Խնամակալ մարմինը՝ ազգային հորիզոնին վրայ՝ հայրինիքի եւ Արցախի ի նպաստ մեր վարժարաններու անվիճելի վաստակով, հայ դատի եւ հայրենիքի համար ծառայական իր հարուստ ուղիով, պիտի չթոյլատրէ որեւէ սխալ թափանցում կամ միջամտութիւն՝ կոչ ուղղելով բոլոր դաստիարակներուն՝ շարունակել պատրաստելու ազգային նոյն ոգիով տոգորուած հայ սերունդ, որուն թթխմորը կը պատրաստուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
All these people who were misrepresenting the role of Armenian Schools and badmouthing the board of Armenian Schools were the puppets of Robert Kocharyan and corrupt Armenia’s ARF (Hrant Markaryan, Aghvan Vartanyan, Armen Rousdamyan, Artzvig Minasyan etc. ). In Armenia and diaspora they have very few followers, because they are not sincere.