ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Շարժական կապի ռուսական մեծագոյն եւ թուային ու միտիա ծառայութիւններու առաջատար մատակարար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը հաղորդեց, որ 100 տոկոս բաժնեմասով հայաստանեան իր դուստր ընկերութեան` «Էմ.Թի.Էս. Հայաստան»ի տնօրէններու խորհուրդը «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն նշանակած է Արմէն Աւետիսեանը: Այս մասին յայտնեցին ընկերութենէն:
Այս նշանակումը կատարուեցաւ, որովհետեւ ընկերութեան հիմնադրութենէն՝ 2004էն ի վեր, «Էմ.Թի.Էս. Հայաստան» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն պաշտօնը ստանձնած Ռալֆ Եիրիկեան հրաժարեցաւ՝ գործարար այլ նախագիծերով զբաղելու համար:
Նախքան նշանակումը, Արմէն Աւետիսեան կը վարէր ընկերութեան իրերու համացանցի եւ արդիւնաբերական ինքնակառավարման հարցերու փոխնախագահի պաշտօնը: