ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերու յանձնաժողովի գործունէութիւնը որեւէ կապ չունի Արցախի Ասկերանի շրջանի գիւղի (Փառուխ) շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հետ: Այս հաստատումը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Նոյն ժամանակ, մենք կ՛ակնկալենք, որ յանձնաժողովի աշխատանքը պիտի նպաստէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վստահութեան բարձրացման եւ միջադէպերու կանխարգիլման, թէ՛ հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ թէ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ», յայտնեց Զախարովա։
Ան ըսաւ, որ Մոսկուա պատրաստուած է մօտիկ ապագային նպաստելու յանձնաժողովներու նիստի գումարման՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա Երեւանէն եւ Պաքուէն կը սպասէ ժամկէտներուն վերաբերեալ առաջարկներու։