ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Համեստ բառ է անիկա. ունի իմաստի բիւրեղեայ յստակութիւն: Ան աղբիւր է քնարական բազում միտքերու: Իսկ այնքան անթիւ, անհամար եւ բազմահազար են անոր գրական գիծերը, որ լաբիւրինթոս մը կը կազմեն հայկական մատենագրութեան մէջ: Յարգելի ընթերցող, երբ այսօր բիւր ազատամարտիկներ բիւր յարգանքի կ՛արժանանան, երբ հայու բիւրաւոր գլուխներ կը ջանան մէկ սիրտ ըլլալ երկիրը ցնցող բիւրալեան հարուածներու դէմ, որոշեցի գրել «բիւր» բառին ոդիսականը: Եւ ի՛նչ հրաշք, այս բառը իր չորս տառերուն մէջ յաջողած է պարունակել հայոց սէրերն ու ծիծաղները, ինչպէս նաեւ՝ վէրքերն ու պարտքերը:
«Բիւր» բառը բուն կը նշանակէ 10 հազար (եւ անդին): Մեր հիները, երբ մեսրոպեան տառերով կ՛արտայայտէին թիւերը, կը հասնէին մինչեւ Ք=9000, Ջ=900, Ղ=90, Թ=9, ապա կը սպառէր այբուբենը: Այն ժամանակ, հայու սիրտը ինչպէ՞ս խօսէր գիշերային երկնակամարը լուսաւորող 10 անգամ 10 հազար աստղերու մասին, ինչպէ՞ս ան երազէր բնութեան 10 անգամ 10 հազար գեղեցկութիւնները, եւ ինչպէ՞ս հպարտանար թշնամիին վրայ արձակած 10 անգամ 10 հազար նիզակներուն համար… Բիւր բառը եկաւ յարմար:
Բառիս հին ուղղագրութիւնն էր «բեւր»: Քսենոփոնի հայերէն թարգմանութիւնը լի է այդ ձեւի գրութեամբ. «Բեւր հեծեալք», «Աղեղնաւորք բեւր», «Լաւ համարիմ բեւր անգամ ընդ հող մտանել, քան այնպէս անարգ երեւել»: Ոսկեդարուն անիկա աճեցաւ բիւր ձեւով: Ագաթանգեղոսը, Խորենացին, Եզնիկը շատ գործածեցին բիւրազգի, բիւրապատիկ, բիւրաւոր եւ բազմաբիւր ածականները: Փաւստոս Բիւզանդը «Պատմութիւն Հայոց» աշխատասիրութեան մէջ ըսաւ, թէ պարսիկ զօրաւարը «քառասուն բիւր» զօրք ուղարկեց, որպէսզի «գալ առնուլ, այրել, աւերել զերկիրն Հայաստան»:
Երբ աղեղնաւոր հայ հերոսներուն մատեանը փակուեցաւ, բառս հագուեցաւ հեծեծող հոգեւորականի եւ սգաւոր պանդուխտի տարազ: 11րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացին ծնրադիր աղաչեց Աստուծոյ, որ հետեւեալը չպատահի իրեն. «Ծաղկիմ, եւ ոչ պտղաբերիմ, Խոստանամ, եւ ոչ կատարեմ, Սակաւ վաստակեմ, եւ բիւրս վատնեմ»: Ապա տաղասացներ եկան ու ողբացին թափառական հայու ճակատագիրին վրայ. «Կռո՛ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ, Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունի՞ս… Աշունն է մօտեցեր՝ գնալու ես թէպտիր, Երամ ես ժողովեր հազարներ եւ բիւր, Ինձ պատասխան չի տուիր, ելար գնացիր»: Այս տաղէն կէս հազարամեակ ետք, հայու նոյն վիշտը երգեց Գարեգին Սրուանձտեանցը: Ան գրեց «Վասն Ղարիբութեան» տաղը ու ըսաւ, թէ հայը «զնդան» փակուած «սրտաբեկեալ» ու «միջակոտոր» հաւուկ մըն է: Սոխակը երգէ՝ չ՛ուրախանար, շաքար բերեն որպէս կերակուր՝ չ՛ուրախանար, նոյնիսկ՝ «եթէ բիւր-բիւր ոց ինձ ծառայ բերեն, անհամար հեծել ձիաւոր, չուրախանա՜մ»: Հեղինակը սակայն անտարբեր չէր իր բնաշխարհի գեղեցկութիւններուն հանդէպ: Բանահաւաք եպիսկոպոսը բացատրեց, թէ Բինկէօլը քնքոյշ դրախտ է, պճնազարդ կոյսի նման փափուկ ու փափկասուն է ու անոր նուիրուած վէպերը «սիրոյ, զուարճութեան, գեղեցիկի, զարդի, անուշութեան, եւ գուսանութեան» պատմութիւններ են, որովհետեւ «ասոր բիւր աղբերաց եւ հազար ականց բոլորը բիւր տեսակ բուսոց եւ ծաղկանց փռուած են»:
Միջնադարու վանական փակ միջավայրերուն մէջ կար մէկ այլ տրամադրութիւն. բիւր վանականներ, որոնք չունէին ապագայ Սրուանձտեանցներու ու Հայրիկներու արծիւի ոգին, սոսկ կ՛աղաչէին իրենց անհատական մեղքերու թողութեան համար: Անոնց բանաստեղծութիւնները կ՛աւարտէին այն խոստովանութեամբ, թէ հեղինակը բիւր մեղաւոր, անտաղանդ ու անպիտան է: Ահա քանի մը օրինակ. «Եղեռնագործ հող եւ փոշիս անպիտան / Գործով թափուր, քանքարոյ բիւր պարտական»՝ Խաչատուր Խասպէկ Կաֆացի, «Դու պարտական բիւր քանքարի, / Անգէտ, յիմար եւ փանաք»ջ՝ Ստեփանոս Թոխաթցի, «Քանքարոյ բիւր պարտական Ազարիա»՝ Ազարիա Ջուղայեցի: Վերջինս Խաչատուր Երէց Խաչգռուզի աղաղակն է. «Լալով ասեմ զՏէր մեղան, Ապագայիցն փրկութեան, Խաչատուր էրէցս է անպիտան. Բիւր քանքարոյ է պարտական»: 1500ներուն, Նահապետ Քուչակը տխրեցաւ, որ իր սիրածը հեռացած է, ու ծաղիկներն իսկ կու լան. «Եարիկ մի յինէն գնաց, բիւր հազար ծաղկունք զինքն իլաց»: 1600ներուն, Կիլիկիոյ մէջ, Յակոբ Սսեցի Երէցը գանգատեցաւ, թէ հայոց պատրիարքները անխոհեմ ու անմիաբան են, եւ թէ ազգին պարտքերը դարձեր են անհամար. «Պատրիարքներն իրար անկան, Վեց բիւր եղեւ պարտքն ի լման, Վէճն ու կռիւն բազմացան, Ա՛յ սուրբ աթոռ, հայիֆ սէն»ջ: Նոյն օրերուն, Դաւիթ Սալաձորցին Կարին քաղաքի մօտ այլազգ մարդու մը կողմէ մոլորեցուած հայուհի Խաթունին բացատրեց, թէ մեղաւոր է իր բռնած ճամբան ու հայու կեանքն է բարեպաշտ. «Դարձիր, մեղայ ասա եւ միտքդ փոխէ, / Նալաթ տուր սատանին, գլուխն կոխէ, / Այն կեանքն անմահութեան աղբիւր կը բխէ, / Ծաղկունքն հարիւր հազար բիւր, տիկի՛ն Խաթուն»:

Երբ հարստահարութիւններ եւ արգելափակումներ բիւր խոցեր կը բանային հայ ժողովուրդի մարմինին վրայ, «Մարգարիտ արքայութեան երկնից» աշխատասիրութեան մէջ Մկրտիչ Վանեցին հայրական հոգածութեամբ գրի առաւ վերջաբան մը ու ըսաւ, թէ երբ հայը «աշխարհի ծանր-ծանր հոգերով եւ չարաչար զբաղմունքներով ուշամոռաց» է եղած, ապա փրկութիւնը Քրիստոսի վարդապետութեան մէջ է, ու հայուն համար անհրաժեշտ է «Աւետարանին կենաց բանին տառերը եւ մեր երկնաւոր Վարդապետին ճշմարտութեան դասերը բիւր անգամ խօսիլ, բիւր անգամ գրել ու կրկնել»: Ապա Հայրիկը սփոփանք տուաւ հայուն. «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի, Տէր ետ եւ Տէր էառ: Հանդուրժէ հարուածներուդ, թող այդ եւս քո անցեալ բիւրաւոր զոհերուդ հետ խառնու»ջ:
Յարգելի ընթերցող, մի՛ տրտմիք անցեալի բիւր ցաւերը վերյիշելով: «Բիւր» բառը ունի նաեւ քնարական, սիրային ճաճանչներ: Գեղապաշտները մեր՝ Մեծարենցներ, Սեւակներ, Վարուժաններ, Զարիֆեաններ, բիւր տողիկներ ունին գարնանանուէր ու զուարթուն (այդ ծաղկաքաղը ձեզի կը մատուցեմ յաջորդ յօդուածիս մէջ)։
Մի՛ տրտմիք, քանզի հայը ապրեր է ցնծալից օրեր, ինչպէս 26 Սեպտեմբեր 1893 թուականը, երբ Խրիմեան Հայրիկը Ամենայն հայոց կաթողիկոս օծուեցաւ: Ամիս մը ետք՝ 5 Հոկտեմբերին, Հայրիկի կոնդակով Գէորգեան ճեմարանի երաժշտութեան ուսուցիչ նշանակուեցաւ Սողոմոնը, 24ամեայ այն կուսակրօն սարկաւագը, որ 11 Սեպտեմբեր 1894ին, Ս. Գայիանէ վանքին մէջ Կոմիտաս անունով պիտի ձեռնադրուէր աբեղայ, եւ որ երգ մը ձօնեց Հայրիկին ու ըսաւ, թէ երկրի չորս ծագերուն բիւրաւոր բերաններ հրճուալից փառաբանութիւններ կ՛արձակեն, քանզի, աւետի՜ս, Հայոց հայրապետական աթոռին բազմեցաւ անզուգական հայր մը. «Ի բիւր բերան, ի սփիւռս ծագաց / Փառք հրճուանաց համբառնան»:
Այժմ, բիւր փառք տալով բիւրաբեղուն եւ բիւրագործ մեր նախնիներուն, հրաժեշտ կը փափաքիմ տալ Բիւնկէօլի բնութեան բիւր գեղեցկութիւններուն նուիրուած երգ-բանաստեղծութեամբ.
«Մոլորուել եմ,
Ճամբաներին ծանօթ չեմ,
Բիւր լճերին,
Գետ ու քարին ծանօթ չեմ.
Ես պանդուխտ եմ,
Էս տեղերին ծանօթ չեմ,
Քուրիկ, ասա՛,
Ո՞րն է ճամբան Բինկէօլի»: