– Ռուսական ուժերուն Ուքրանիա ներխուժումին առաջին շաբթուան ընթացքին, ռուսերը սովորականէն 245 տոկոս համեմատութեամբ աւելիով հետեւած են «Պի.Պի.Սի.»ի լուրերուն, որուն պատճառով Մոսկուա 4 Մարտէն սկսեալ սահմանափակած է անոր հաղորդումները։
– Ամերիկացի չափահասներուն 55 տոկոսը տակաւին համոզուած է, որ Ռուսիա համայնավար կամ ընկերվարական երկիր մըն է։
– Մինչ 1970ին ամերիկացիներուն 56 տոկոսը պետական գումարներու մսխում կը նկատէր դէպի Լուսին առաքելութիւնը, ներկայիս միայն 19 տոկոսը մսխում կը համարէ դէպի Հրատ կազմակերպուող առաքելութիւնը։
– Ամերիկացիներուն 25 տոկոսը այն համոզումը ունի, որ կառավարութեան դէմ բռնի ուժի դիմելը «երբեմն արտօնելի է», իսկ 10 տոկոսը՝ «հիմա արտօնելի է»։