Շաբաթ, 18 Յունիսին, Արամ Ա. վեհափառին այցելեց Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան։
Վեր. Հայտոսթեան կաթողիկոսին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հանգստեան կոչուելէն ետք, ինք ստանձնած է յիշեալ պատասխանատուութիւնը մինչեւ նոր նախագահի մը ընտրութիւնը, միաժամանակ շարունակելով Միութեան Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետի իր պաշտօնը:
Վեհափառը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց վեր. Գարակէօզեանի նուիրեալ ծառայութեան եւ մեր եկեղեցւոյ հետ իր ունեցած սերտ գործակցութեան համար. ան նաեւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ նոյն գործակցութիւնը պիտի շարունակուի Աւետարանական եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ։
Ապա, վերապատուելին, իբրեւ նախագահ Հայկազեան Համալսարանի, հայրապետին զեկուցեց անցնող տարեշրջանի համալսարանի կեանքին, իրագործումներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ հունձքին մասին, ինչպէս նաեւ պարզեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները: Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հայկազեան Համալսարանի կատարած կրթական դերակատարութեան, մասնաւորաբար հայ աշակերտներուն նկատմամբ ցուցաբերուած կրթաթոշակի օժանդակութեան գծով: Ան յիշեցուց, որ ազգային-կրթական հաստատութիւն ըլլալով՝ անհրաժեշտ է որ համալսարանը մնայ Լիբանանի պատկերը արտայայտող միջհամայնքային գործակցութեան պերճախօս արտայայտութիւնը, կրթական մարզին մէջ։
Այս առիթով, վեր. Հայտոսթեան հրաւէր նամակ մը յանձնեց վեհափառին՝ զինք հրաւիրելով 1 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175ամեակի հանդիսութեան: