
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիա կը կասկածի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնական Քերըն Տանֆրիտի յայտարարութիւններուն անկեղծութենէն:
Տանֆրիտ «Ազատութեան» հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած էր, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ Մինսքի խումբին մէջ` յանուն Արցախի հարցի կարգաւորման:
Անդրադառնալով այս յայտարարութեան՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 22 Յունիսին ըսաւ հետեւեալը. «Թոյլ տուէք կասկածի տակ դնել Քերըն Տանֆրիտի յայտարարութեան անկեղծութիւնը: Եթէ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ Մինսքի խումբի միջնորդական գործունէութիւնը իրականութեան մէջ կարեւոր նկատէին, իրենք իրենց չէին արտօներ անտեսել բոլոր մասնակցող պետութիւններուն կողմէ հաստատուած յանձնառութիւնը: Մինչդեռ անոնք, առանց որեւէ խորհրդակցութեան, 24 Փետրուարին ցուցադրաբար խզեցին կապերը Մինսքի խումբի ռուս համանախագահին հետ: Այսպիսով, եռեակի աշխատանքին բազմաթիւ հարցերու մէջ հասցուած է անդառնալի վնաս»:
Մոսկուա կը պնդէ, որ իրեն համար անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ խզուած է կապը իրենց համանախագահին հետ: Պատճառներուն մասին յստակ բացատրութիւն չեն ստացած, յայտնեց Զախարովա՝ աւելցնելով, թէ «երաշխիքներ չկան, որ նման անպատասխանատու գործողութիւններ պիտի չկրկնուին»։
«Ազատութեան» տուած հարցազրոյցին ընթացքին Տանֆրիտ անճիշդ նկատած էր այն հաստատումը, որ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումին պատճառով Միացեալ Նահանգները դադրեցուցած է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործընթացը: «Այս ճիշդ չէ, մենք կը շարունակենք ըսել, որ կ՛աջակցինք Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործընթացին: Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ անիկա շատ կարեւոր ձեւաչափ է, յատկապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով: Եւ կարեւոր է, որ մենք տարբեր ձեւաչափեր պահպանենք՝ փորձելով յառաջ տանիլ խաղաղութիւնը: Եւ մենք պիտի շարունակենք յառաջիկային եւս այդ մէկը ընել», հաստատած էր Տանֆրիտ:
Լրագրողը դարձեալ հարցուցած էր, թէ այս առումով պիտի գործակցի՞ն Ռուսիոյ հետ. Տանֆրիտ պատասխանած էր՝ ըսելով. «Այո՛: Ռուսիա Մինսքի խումբի համանախագահ է: Այնպէս որ, այո՛: Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիա պիտի շարունակեն այդ ձեւաչափը»: