ԵՐԵՒԱՆ, »Նոյեան Տապան«.- »Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հարաւային Կովկասի նկատմամբ աճում է: Եթէ նախկինում այն գտնւում էր այլ հակամարտութիւնների գօտիների »ստուերում«, ապա ներկայումս հարաւային Կովկասը Եւրոմիութեան համար ձեռք է բերել առաջնային նշանակութիւն«: Այս մասին Հոկտեմբեր 2ին »Սփեքթրում« ռազմավարական վերլուծութեան կեդրոնի »Հարաւային Կովկաս-2006. զարգացման նոր միտումներ, սպառնալիքներ եւ ռիսքեր« միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարեց հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ, դեսպան Փիթըր Սեմնեպին:
Դեսպան Սեմնեպին ընդգծեց Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ տարածաշրջանի երկիրներու բնականոն փոխյարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ Պ. Սեմնեպիի, հակամարտութիւնները խոչընդոտ են այդ երկիրներուն մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու համար եւ միայն անոնց լուծման պարագային »կը բացուեն ընդլայնուած սեւծովեան տարածաշրջանի սահմանները եւ միայն այդ ժամանակ կարելի կը լինի բոլոր օգուտները քաղել մշակութային եւ տնտեսական փոխանակումից«: Ան յիշեցուց նաեւ, որ ԵՄը չի մասնակցիր տարածաշրջանի առկայ հակամարտութիւններու կարգաւորման »մեքանիզմներ«էն որեւէ