ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շարունակուող Ատրպէյճանի բռնարարքներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դաձեալ որոշած է շրջացնել Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւի թիւ 907 յաւելուածը, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանի բռնատիրական իշխանութիւններուն ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները կասեցնել:
«Նախագահ Պայտընի որոշումը կանաչ լոյս կը բանայ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւն տրամադրել փափաքողներուն դիմաց եւ աւելիով կը քաջալերէ ապօրինիաբար հայ պատերազմական գերիներ պահող Ալիեւի վարչակարգը, որ մահացու յարձակումներ գործէ Արցախի վրայ եւ բռնագրաւուած պահէ Հայաստանի հողերը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ աւելցնելով, որ հակառակ Պայտընի որոշումին, Հայ Դատը պիտի շարունակէ Քոնկրեսին միջոցաւ իր ջանքերը, կասեցնելու համար Պաքուին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները։
Հայ Դատի այս արշաւին մասնակցելու համար այցելել կայքէջը:
Հայ Դատը կը շեշտէ, թէ յատկապէս 44օրեայ պատերազմին եւ Արցախի ու Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական շարունակուող յարձակումներուն լոյսին տակ, Պաքուին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու ներկայ ընթացքը պէտք չէ շարունակուի:
1992ին վաւերացուած յաւելուածը 2002էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջանցելու իրաւասութիւնը եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, որուն պատճառով Ատրպէյճան միայն 2002էն 2021ի միջեւ ստացած է առնուազն 164 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն: