ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հակառակ Ուաշինկթընէն հնչող պնդումներուն, որ Ամերիկա պատրաստ է շարունակել համագործակցութիւնը Մոսկուայի հետ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը 24 Յունիսին Պաքուի մէջ արձեալ պնդեց, թէ բանակցային այդ ձեւաչափը այլեւս գոյութիւն չունի:
«Մենք չենք քննարկած Մինսքի խումբին վերաբերող հարցեր: Մինսքի խումբը՝ ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ, դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը», յայտնեց Լաւրով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնական Քերըն Տանֆրիտ, մինչդեռ, նախորդ շաբաթավերջին, «Ազատութեան» տուած յատուկ հարցազրոյցին ընթացքին պնդած էր, թէ հակառակ Ուքրանիոյ շուրջ խոր տարակարծութիւններուն, Ամերիկա պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ Մինսքի խումբին մէջ` յանուն Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման: «Ուաշինկթըն կ՛աջակցի այդ գործընթացին եւ պիտի շարունակի աջակցիլ», ըսած էր Տանֆրիտ՝ տեղեկացնելով, որ այդ հարցը բարձրացուցած է նաեւ Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի նախագահին:
Լաւրով 24 Յունիսին յայտարարեց, թէ Մինսքի խումբի հարցը Պաքուի մէջ ընդհանրապէս չէ քննարկուած, եւ որ ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն ետք բանակցային այդ գործընթացին աշխատանքը մնաց անցեալին մէջ։ Դիրքորոշում մը, որ մինչ այդ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը կը դրսեւորէր:
«Այն առաջարկները, որոնք եղած են, եւ որոնք երկար տարիներ քննարկուած են` առանց տեսանելի արդիւնքներու, կորսնցուցած են իրենց այժմէականութիւնը: Պատահած իրադարձութիւնները մեր ետին ձգեցին այդ փաստաթուղթերը, ասիկա ուղղակի առարկայական իրականութիւն է», յայտնեց Լաւրով:
Ան նաեւ պնդեց, թէ 44օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ նոր գործընթացներ ընթացք առած են՝ հակամարտութեան հետեւանքները վերացնելու ուղղութեամբ, եւ յատուկ շեշտեց, որ այդ գործընթացներուն հիմքը եռակողմ յայտարարութիւններն են` Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդներուն միջեւ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը եւս պնդեց, որ Ուքրանիոյ դէմ սկսած պատերազմէն ետք Մինսքի խումբը դադրեցուցած է աշխատանքը: Ասիկա, սակայն, պէտք չէ խանգարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծումը, ըսաւ Պայրամով՝ սպառնալով, թէ «ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու արհեստական ձգձգումը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ Հայաստանի համար»:
«Փետրուար 2022էն, յայտնի պատճառներով, Մինսքի խումբի համանախագահներու փոխգործակցութիւնը կաթուածահար եղած է: Այդ իրավիճակին մէջ ատրպէյճանական կողմի դիրքորոշումը հետեւեալն է` մեզի համար առաջնայինը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու լուծումն է` տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար: Այդ գործընթացը չի կրնար Մինսքի խումբի գերին դառնալ: Մենք չենք կրնար կողմնորոշուիլ գոյութիւն չունեցող ձեւաչափով», շեշտեց Պայրամով:
Մինչ այդ, 23 Յունիսին, Ատրպէյճանի նախագահը Լաւրովի հետ հանդիպման մեղադրեց հայկական կողմը, որ կը ձգձգէ խաղաղութեան օրակարգը եւ չի կատարեր ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:«Պաշտօնական Երեւանը տակաւին չէ արձագանգած խաղաղութեան համաձայնագիրին մասին Պաքուի առաջարկին», նշեց Իլհամ Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ Երեւան իրաւական պարտաւորութիւն ստանձնած է ճամբայ բանալ դէպի Նախիջեւան, եւ Պաքուն այս հարցին մէջ Մոսկուայէն աշխոյժ գործողութիւններ կ՛ակնկալէ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան՝ 24 Յունիսին ընդգծեց. «Հայկական կողմը բարձրագոյն եւ բարձր մակարդակներով բազմիցս յայտարարել է, որ հետեւողական է խաղաղութեան հաստատման օրակարգում»:
«Ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ Ադրբեջանի առաջարկներում ոչինչ անընդունելի չենք համարում, բնականաբար, այդ առաջարկներն ամբողջացնելով մեր պատկերացումներով», յայտնեց Միրզոյեան։
Աւելի կանուխ Երեւան յայտարարածէր, թէ Պաքուին առաջարկած է տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման զուգահեռ նաեւ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու, պահովութեան եւ կարգավիճակի հարցը քննարկել:
Ըստ Միրզոյեանի՝ Պաքու այդ առաջարկին տակաւին չէ արձագանգած:Հակառակ Լաւրովի եւ Պայրամովի պնդումներուն, թէ Մինսքի խումբը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը` Միրզոյեան պնդեց, թէ հայկական կողմը համանախագահ երկիրներու միջոցով Ատրպէյճանին փոխանցեց խաղաղութեան վերաբերող իր առաջարկը:
Անդրադառնալով Ալիեւի պնդումներուն՝ թէ 9 Նոյեմբերի համաձայնութիւնները ամբողջութեամբ չեն կատարուած՝ Միրզոյեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Այո՛, Բաքուն ինքն է շարունակում պատանդ պահել հայ գերիներին, յայտարարում է, թէ Ղարաբաղ ու ղարաբաղեան խնդիր չկայ` թէեւ սուբյեկտի (ենթակայի) գոյութիւնը հաստատել է` իր ստորագրութիւնը դնելով եռակողմ յայտարարութեան տակ: Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում է նաեւ այն, որ ադրբեջանական զինուած ուժերը, խախտելով 2020թ. այդ յայտարարութեան առաջին կէտը, ս.թ. Մարտի 24ին ներխուժել են Լեռնային Ղարաբաղում ռուսական խաղաղապահ զօրախմբի պատասխանատուութեան գօտի եւ մինչ օրս շարունակում են մնալ այնտեղ»:
Խօսելով տարածաշրջանին մէջ ճամբաներու ապաշրջափակման մասին` Միրզոյեան պնդեց, թէ Հայաստան մեծապէս շահագրգռուած է այդ գործընթացի յաջողութեամբ, եւ որ անիկա շատ աւելի արագ կը զարգանար, «եթէ չլինէին Ադրբեջանի իշխանութիւնների շարունակական անհիմն յայտարարութիւններն արտատարածքային միջանցքի վերաբերեալ»:
Ի դէպ, 23 Յունիսին, Լաւրովի հետ հանդիպման ընթացքին Ալիեւ, ինչպէս սովորութիւն է պաշտօնական հանդիպումներուն ընթացքին, միջանցք եզրը չօգտագործածեց: Բան մը, որ ան պարբերաբար կը կատարէ ներքին լսարանին առջեւ: Լաւրով իր կարգին կրկնեց, թէ Մոսկուա պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին ու Ատրպէյճանին՝ ապաշրջափակման հարցով:
Աւելի կանուխ՝ նախորդ ամիս, այցելելով Երեւան, Լաւրով նաեւ ըսած էր, թէ ապաշրջափակումը պիտի յենի բացարձակապէս Հայաստանի տարածքի գերիշխանութեան վրայ, եւ թէ այդ հարցին մէջ երկիմաստութիւն չի կրնար ըլլալ:
«Կը կարծեմ, թէ մեզի համար կայ ընդհանուր ըմբռնում, թէ ինչպէս կարելի է ինքնաշարժներու հաղորդակցութեան կազմակերպման հարցը լուծել առաւելագոյն յարմարաւէտ ձեւով` առանց արհեստական խոչընդոտներ ստեղծելու: Ռուսիա այս աշխատանքներուն պիտի աջակցի մինչեւ արդիւնքի ձեռքբերումը: Յոյս ունինք, որ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ շուտով», ըսաւ Լաւրով:
Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին Լաւրովը նաեւ ըսաւ, թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցին մէջ եւս Ռուսիա պատրաստ է աշխոյժ խորհրդատուական ծառայութիւններ մատուցել Երեւանին եւ Պաքուին, աւելին` ըստ Լաւրովի՝ կան յստակ առաջարկներ, զորս 23 Յունիսին «ուրախութեամբ» քննարկած է Ալիեւի հետ: Թէ ինչ առաջակներու մասին է խօսքը, եւ արդեօք անոնք ներկայացուա՞ծ են նաեւ հայկական կողմին՝ Լաւրով չյստակացուց։