ՍԷՈՒԼ, »Ռոյթըրզ«.- Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին յայտարարեցին, թէ ամերիկեան սպառնալիքներու հետեւանքով որոշած են հիւլէական հրթիռի փորձարկում մը կատարել, երկրին ինքնապաշտպանութեան ցանցը ամրապնդելու նպատակով:
Փիոնկեանկի իշխանութիւնները միաժամանակ շեշտեցին, թէ երբեք նախայարձակ պիտի չըլլան եւ յոյս յայտնեցին, որ աշխարհը հիւլէական ռումբերէ զերծ պահելու համաձայնութիւն մը կարելի կ’ըլլայ գոյացնել:
Սակայն, Ուաշինկթըն, Թոքիօ եւ Սէուլ անմիջապէս դատապարտեցին այս որոշումը եւ Ուաշինկթըն զայն »անընդունելի« որակեց: