ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահը դարձեալ ռազմաշունչ յայտարարութիւններ կատարեց Հայաստանի հասցէին՝ յորդորելով հայկական կողմը՝ ընդունիլ յետ-պատերազմական իրողութիւնները եւ ժամանակ չանցընել սահմանազատման հարցին գծով:
Նախօրէին, այցելելով Գէոյգէոլի, Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջանները, Իլհամ Ալիեւ զօրամասի մը բացումը կատարեց Քելբաջարի մէջ, որ արցախեան վերջին պատերազմէն ետք անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
«Եթէ Հայաստան սահմաներու որոշման հարցին մէջ դարձեալ դիմէ իր մարտավարութեան՝ փորձելով երկարաձգել, ապա անոր համար ինք պիտի զղջայ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք Հայաստանի մէջ գլուխ բարձրացնող վրէժխնդիր ուժերուն: Թող անոնք ալ գիտնան: Այն սարին վրայ իմ խօսքերը գրուած են՝ երկաթէ բռունցքը իր տեղն է, ոչ ոք թող մոռնայ այս մասին», ըսաւ Ալիեւ:
Թէեւ միջազգային մակարդակով հանդիպումներուն ընթացքին պաշտօնական Պաքուն կը պնդէ, որ պատրաստ է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու եւ յարաբերութիւններու նոր էջ բանալու Հայաստանի հետ, սակայն, զինուորականներուն ուղղուած խօսքին մէջ Ատրպէյճանի նախագահը դարձեալ ռազմական ներուժին անդրադարձաւ: Ալիեւ յատկապէս յայտնեց, թէ ատրպէյճանական բանակը կը համալրուի նոր ուժերով եւ զինատեսակներով ու առաւել պիտի ամրապնդէ իր սահմանները Հայաստանի հետ:
«Մենք պատերազմ չենք ուզեր եւ երբեք ալ չենք ուզած: Բայց մենք կ՛ուզենք, որ մեր շահերը ապահովուին: Կ՛ուզենք, որ բոլորը ընդունին յետ-պատերազմական իրողութիւնները: Կրնամ ըսել, որ աշխարհի առաջատար ուժերը արդէն ընդունած են զանոնք եւ ըստ այդմ կը գործեն: Հայաստան եւս պէտք է ընդունի իրականութիւնը: Պատերազմէն ընդամէնը 1.5 տարի անցած է, ո՛չ իրենք, ոչ ալ յաջորդ սերունդները թող մոռնան պատերազմը», դիտել տուաւ Ալիեւ:
Ատրպէյճանի նախագահը չյստակացուց, թէ աշխարհի ո՛ր ուժերը ընդունած են Պաքուի պատկերացումները, ըստ որոնց, արցախեան տագնապ այլեւս գոյութիւն չունի, եւ հիմա Հայաստան եւ Ատրպէյճան ընդամէնը պէտք է փոխադարձ յարաբերութիւնները կարգաւորեն:
Յստակ է, որ Մինսքի խումբի արեւմտեան համանախագահները՝ Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգները, պատերազմէն ետք քանի մը անգամ ընդգծեցին, որ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, եւ անհրաժեշտ է շարունակել բանակցային գործընթացը: Օրեր առաջ այս մասին, «Ազատութեան» տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնականը՝ ընդգծելով, որ այդ դիրքորոշումը յայտնած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին:
Երեք համանախագահող երկիրներէն միայն Ռուսիան է, որ վերջին ամիսներուն՝ Ուքրանիոյ դէմ սկսած պատերազմէն ետք, կը յայտարարէ, թէ Մինսքի խումբի ձեւաչափը չի գործեր:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր հերթին, այս օրերուն յիշեցուց, որ Ապրիլին Ռուսիոյ նախագահը՝ Հայաստանի վարչապետի հետ, իր ստորագրութիւնը դրաւ յայտարարութեան տակ, որուն մէջ կ՛ընդգծուի՝ «մարդասիրական անյետաձգելի հարցերու հրատապ լուծման եւ քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով Լեռնային Ղարաբաղեան կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը»:
Այդ յայտարարութեամբ Վլատիմիր Փութին նաեւ հաստատեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան կառոյցի ներուժի եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը՝ անոր միջազգային մանդատին համապատասխան:
Ասոր զուգահեռ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուն 27 Յունիսին կրկին կոչ ուղղեց՝ բանալու այսպէս կոչուած՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը: Այս մասին թրքական դիւանագիտութեան ղեկավարը յայտարարեց Ատրպէյճանի եւ Ղազախիստանի արտաքին գործոց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարներուն՝ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքին:
«Մենք վճռականօրէն կ՛աջակցինք Զանգեզուրի միջանցքի բացման: Անիկա իրարու պիտի կապէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները եւ Նախիջեւանը: Մենք կ՛ակնկալենք, որ անիկա տեղի ունենայ կարելի եղածին չափ շուտ», յայտնեց Չաւուշօղլու: