ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան 21-27 Յունիսին աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Ռուսիա:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Մոսկուայի եւ կարգ մը այլ քաղաքներու մէջ, Բաբայեան հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքական, տեղեկատուական, հասարակական, գիտակրթական շրջանակներու, Ռուսիոյ հայ համայնքին եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ:
Քննարկուեցան շրջանի իրավիճակին, հնարաւոր զարգացումներուն, տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական գործընթացներուն մէջ Արցախի դերին, ատրպէյճանական-արցախեան տագնապի լուծման հեռանկարներուն եւ Արցախ-Սփիւռք կապերու հետագայ խորացման վերաբերող հարցեր: