
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Ներկայացուցիչներու տան Տեղեկահաւաքի յատուկ յանձնախումբի ատենապետ Էտըմ Շիֆ քննադատեցին Ատրպէյճանի բռնատիրական իշխանութիւններուն ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները չկասեցնելու՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ շաբթուան որոշումը։
Մենետեզ կը շեշտէ, թէ խորապէս յուսախաբ է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է անտեսել Կառավարութեան հաշուէտուութեան գրասենեակի այն եզրակացութիւնը, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութիւնը պահպանելու ջանքերը կ՛ոտնակոխուին Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւի թիւ 907 յաւելուածը շրջացնելով, «անտրամաբանական» որակելով վարչակազմին այս կեցուածքը։ Մենենտեզ յիշեցուց, թէ ռազմական աջակցութիւն կը տրամադրուի Պաքուի այն վարչակազմին, որուն 2020ի ռազմական գործողութիւններուն պատճառով սպաննուեցան առնուազն 6500 հայեր եւ տեղահանուեցան 100,000 ուրիշներ։
Իր կարգին, Շիֆ առաջարկեց նախագահէն խլել թիւ 907 յաւելուածի շրջանցելու իրաւունքը եւ պահանջել վարչակազմիէն, որ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերէ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն։ Շիֆ դարձեալ դատապարտեց Ատրպէյճանի շարունակուող բռնարարքները եւ պատերազմի հայ գերիներ չվերադարձնելու ապօրինի կեցուածքը։ Ան նշեց, որ Պայտընի որոշումը պիտի քաջալերէ Ալիեւի վարչակարգը, որ յաւելեալ բռնարարքներու դիմէ՝ շեշտելով, որ այսպիսի բռնապետի մը աջակցիլը խոտոր կը համեմատի Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական արժէքներուն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն եւ աւելցուց, որ հակառակ Պայտընի այս վտանգաւոր որոշումին, Հայ Դատը պիտի շարունակէ Քոնկրեսին միջոցաւ իր ջանքերը, կասեցնելու համար Պաքուին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները։
Հայ Դատի այս արշաւին մասնակցելու համար այցելել https://anca.org/907 կայքէջը:
Հայ Դատը կը շեշտէ, թէ յատկապէս 44օրեայ պատերազմին եւ Արցախի ու Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական շարունակուող յարձակումներու լոյսին տակ, Պաքուին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու ներկայ ընթացքը պէտք չէ շարունակուի: 1992ին վաւերացուած թիւ 907 յաւելուածը 2002էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջանցելու իրաւասութիւնը եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, որուն պատճառով Ատրպէյճան 2002էն 2022ի միջեւ ստացած է 808 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն: