17-18 Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան «Յաւերժութիւն 2022» ռազմափորձերը` Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի զինուորներուն մասնակցութեամբ, կը հաղորդէ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Կը նշուի, որ ռազմափորձերու ծրագրաւորման հարցով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ մէջ: Հանդիպումին մասնակցած են երեք երկիրներէն ներկայացուցիչներ: