ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յատկացումներու ենթայանձնախումբը Հայաստանի համար 60 միլիոն տոլարի աջակցութեան առաջարկ մը ներառած է 2023 տարեշրջանի իր բանաձեւին մէջ, որ նաեւ 2 միլիոն տոլար կ՛առաջարկուի Արցախի ականազերծման աշխատանքներուն համար։
Նաեւ որոշուած է յատուկ տեղեկագիր մը պատրաստել Արցախի մարդասիրական կարիքներուն մասին, որուն հիման վրայ յաւելեալ աջակցութիւն կրնայ տրամադրուիլ 2020ի պատերազմէն տուժած արցախցիներուն։
Այս առիթով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ենթայանձնախումբի ատենապետ Պարպարա Լիին, յատկապէս որովհետեւ բանաձեւին մէջ նկատի առնուած է 2020ի պատերազմէն տուժած արցախցիներու կարիքներուն հասնելու հարցը։ Այժմ բանաձեւը պիտի քննուի Ներկայացուցիչներու տան, ապա՝ Ծերակոյտին կողմէ։
Հայ Դատը կը շարունակէ իր աշխատանքները, Հայաստանի համար առնուազն 100 միլիոն, իսկ Արցախի համար առնուազն 50 միլիոն տոլար աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ ձեր քոնկրեսականին դիմելու համար այցելել կայքը։