Հինգշաբթի, 30 Յունիսի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, որ կը գտնուէր Անթիլիաս, հեռաձայն մը ստացաւ ամերիկաբնակ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններէն, որոնք առաջնորդ սրբազանին ուրախութեամբ փոխանցեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ թէ Միւռոնօրհնէքին առիթով կը զօրակցին Դպրեվանքի ծրագիրներուն եւ նոյն ժամանակ փափաքեցան, որ այս մասին տեղեակ պահուի նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց Մելքոնեան ամոլին ցուցաբերած հոգածութիւնը Դպրեվանքին նկատմամբ՝ դիտել տալով, որ հոգեւոր հայ մարդ եւ ապագայ ղեկավարներ պատրաստելու կոչուած Դպրեվանքին ընծայուած իւրաքանչիւր զօրակցութիւն ուղղուած է՝ հզօրացնելու հայ նոր ու գալիք սերունդներու մէջ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, հայրենասիրական ոգին ու քրիստոնէական հաւատքը, եւ այս առիթով բարերար զոյգին մաղթեց առողջ կեցութիւն ու բարիի անբացակայ ներկայութիւն անոնց գործերուն մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ