ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Խորհրդարանը Հոկտեմբեր 4ին առաջին ընթերցմամբ ընդունեց քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը, որ քրէական պատասխանատուութիւն կը սահմանէ ցեղասպանութիւնը եւ խաղաղութեան ու մարդկութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած միւս յանցագործութիւնները հերքելու, մեղմացնելու, անոնց հաւանութիւն տալու կամ արդարացնելու համար: Վերոնշեալ արարքներուն համար կ’առաջարկուի կիրառել տուգանք՝ նուազագոյն աշխատավարձի հարիւրապատիկէն երեքհարիւրապատիկի չափով, կամ բանտարկութիւն՝ առաւելագոյնը 4 տարի ժամկէտով:
Նախագիծով նոյն պատիժը ամրագրուած է նաեւ համակարգչային համակարգի միջոցով հանրութեան նիւթեր տարածելու կամ որեւէ այլ ձեւով մատչելի դարձնելու միջոցով ցեղասպանութիւնը եւ խաղաղութեան եւ մարդկութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հերքելը, մեղմացնելը, հաւանութիւն տալը կամ արդարացնելը: