ՊԱՂՏԱՏ.- Իրաքեան «Մատա» թերթը հաղորդեց, թէ Պաղտատ կը նախապատրաստէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ ժողով մը, որուն ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ տարիներէ ի վեր խզուած յարաբերութիւններու վերականգնման յայտարարութիւնը կը նախատեսուի:
Ռիատ Թեհրանի հետ իր յարաբերութիւնները խզեց, երբ 2016ին իրանցի ցուցարարներ Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատուն ներխուժեցին՝ բողոքելով Սէուտական Արաբիոյ մէջ շիի հոգեւորականի մը մահապատիժի ենթարկուելուն դէմ:
Իրան առանց պատճառները նշելու Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւնները առկախեց Մարտին, երբ կը նախատեսուէր, որ բանակցութեան նոր փուլ մը սկսի: Նախքան այդ, Սէուտական Արաբիա 81 անձեր, ներառեալ՝ 41 շիիներ, ենթարկած էր մահապատիժի, թիւ մը, որ տասնամեակներէ ի վեր մեծագոյնն էր: Թեհրան դատապարտեց մահապատիժներուն գործադրումը։