
Հինգշաբթի, 16 Յունիսի երեկոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ, «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբի ատենապետ՝ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ առաքելութեան այս յանձնախումբին, որ արդէն աառաւել քան տասը տարիէ ի վեր կը գործէ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ: Այս յանձնախումբը իր գոյութեան նպատակ դարձուցած է բազմատեսակ ծրագիրներով Սփիւռքի մէջ սատարել հայ լեզուի, գրականութեան, մշակոյթի եւ տոհմիկ աւանդութիւններու պահպան ումը, որովհետեւ հայրենիքն է անխախտ կռուանը եւ փարոսը համայն հայութեան:
Վերոյիշեալ ծրագիրներուն կողքին, յանձնախումբը որոշած է հարստացնել իր գործունէութիւնը դիւանագիտական կարգի դասախօսութիւններու շարքով մը, որ անշուշտ սերտօրէն առնչութիւն ունի հայութեան եւ Մայր հայրենիքին հետ:

Նիւթ ընտրելով ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի, եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախին վերաբերող հարցերը՝ յանձնախումբը յարմար գտաւ հրաւիրել բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած Լոս Անճելըսի մօտ նախկին գլխաւոր հիւպատոս, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանը:
Տոքթ. Սիմոնեան հանգամանօրէն ներկայացուց յարգելի դասախօսը՝ տալով կենսագրական տեղեկութիւններ, սկսեալ անոր ուսումնառութենէն Երեւանի Պետական համալսարանէն, եւ առաջին դոկտորականը՝ նոյն հաստատութենէն, եւ յաջորդ դոկտորականները՝ MIT եւ Harvard համալսարաններէն, իսկ վերջինը՝ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ՝ Nehru համալսարանէն:
Դեսպանը ունեցած է բեղուն դիւանագիտական գործունէութիւն, սկսելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն, ապա ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ: 1995-97ին ան գործեց իբրեւ ընդհանուր հիւպատոս Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ 2000ին ան նշանակուեցաւ լիազօր դեսպան Հնդկաստանի եւ շրջակայ երեք երկիրներու: 2018ին ան վերադարձաւ Լոս Անճելըս եւ ծառայեց մինչեւ 2022:
Ապա տոքթ. Սիմոնեան բեմ հրաւիրեց յարգելի հիւրը: Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ ներկայ հիւրերուն եւ յայտնեց, թէ այս դասախօսութիւնը կազմուած է երկու մասերէ.
Ա. Քսանմէկ վարկեան տեւողութեամբ տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր իր դիւանագիտական գործունէութեան տարբեր հանգրուանները բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ հանդիպումները այդ երկիրներու առաջնորդներուն հետ:
Բ. Անդրադարձ հայ դիւանագիտութեան զարգացման անցեալի եւ ներկայ կացութեան, որմէ ետք պիտի պատասխանէր ներկաներու հարցումներուն:
Ըստ յարգելի դասախօսին՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ունէր արտաքին գործերու նախարարութիւն, բայց չունէր անկախ գործելու վիճակ: Անկախանալէ ետք, Հայաստան լուրջ աշխատանք կը տանի լաւ դիւանագէտներ պատրաստելու նպատակով եւ այժմ ունի լաւ կորիզ: Ան օրինակ բերաւ Մովսէս Աբէլեանը, որ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն էր, 2019ին նշանակուեցաւ փոխ ընդհանուր քարտուղար:
Ան յատկապէս նշեց Հայկական Սփիւռքի կարեւորութիւնը եւ առանձնացուց այնպիսի անուններ, ինչպէս՝ Ճոն Կիրակոսեան, Աշոտ Եղիազարեան, Վարդան Ոսկանեան եւ Րաֆֆի Յովհաննիսեան:

Դոկտ. Բայբուրդեան իր ելոյթը աւարտեց՝ պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն:
Հանրօգուտ դասախօսական շարքի առաջին այս ձեռնարկը իր գեղեցիկ ձայնով խանդավառեց Նարէն՝ կատարելով երեք խանդավառ երգեր:
Երեկոն փակուեցաւ առաջնորդ սրբազանի փակման խօսքով, որ ինչպէս միշտ՝ կը մղէ հայ մարդը յիշելու պատմական անցեալը, ապրելու զգաստօրէն եւ միշտ գործելու ապագային համար: Ան աղօթեց, օրհնեց բոլորը, որոնք փութացեր էին ներկայ գտնուելու այս հաւաքոյթին:
Նշենք, որ «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը ծնունդ առաւ Յուլիս 2011ին,
Հովանաւորութեամբ՝ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի: Անոր առաքելութիւնն է՝ բազմատեսակ ծրագիրներով սատարել հայ լեզուի, գրականութեան, մշակոյթի եւ տոհմիկ աւանդութիւններու պահպանման եւ ամրապնդել այն հաւատքը, թէ հայրենիքն է անխախտ կռուանը եւ փարոսը սփիւռքահայութեան: Առաւել քան տասը տարիներէ ի վեր, յանձնախումբը կը գործէ՝ գաղութիս հրամցնելով բազմատեսակ բարձրորակ մշակութային, գրական եւ երաժշտական, եւ Հայաստանի ու Արցախի հետ առնչութիւն ունեցող նիւթերու վերաբերեալ ծրագիրներ, բարձր գնահատուելով գաղութիս մշակութասէր հասարակութեան կողմէ: