ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով Հինգշաբթի օր այցելեց Շուշի։
Ռուս դիւանագէտին կ՛ընկերակցէր Ռուսիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու։
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ Միխայիլ Պոչառնիքովի այցելութեան մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին հետագային։