ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մնայուն կերպով Հայաստանի եւ Արցախի կողքին գտնուող ամերիկաբնակ հայ գրող, բարերար, իրաւաբան, Ուեսթպրուքի քաղաքական խորհուրդի ընտրուած նախագահ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ հայրենիք կ՛այցելէ՝ ոչ միայն ծանօթանալու իր նախաձեռնութեամբ իրականացուող ընկերային ծրագիրներուն ընթացքին, այլ նաեւ ստանալու երկար սպասուած Հայաստանի անձնագիրը:
«Մէկ տարի առաջ էի դիմել, անհամբեր սպասում էի այս օրուան: Ինձ ասացին, որ անձնագիրը ստանալու համար պէտք է անձամբ ներկայանամ ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրերի եւ վիզաների վարչութիւն: Ահա ես այստեղ եմ՝ վերցնելու իմ անձնագիրը, ինչը շատ ուրախալի ու կարեւոր իրադարձութիւն է ինձ համար», «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ան:
Զրոյցը վարած Աննա Գզիրեան կը գրէ, որ Աննան Հայաստան կը գտնուի՝ նաեւ ծանօթանալու «Աննա Աստուածատուրեան» հիմնադրամին իրականացուցած ընկերային ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ տեղեկանալու, թէ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ինչ ուղղութիւններով աջակցութեան ծրագիրներու կարիք կայ: Այդ նպատակով անոր այցելութիւններուն ծրագիրին մէջ են Թալին, Գիւմրի, Խնձորեսկ եւ Գորիս համայնքները, ինչպէս նաեւ Արցախը:
Ընթացիկ տարուան 1 Յունիսին, Արցախի մէջ մեկնարկեց հիմնադրամի «Սէր Արցախ» բարեսիրական ծրագիրը, որ իրականութիւն դարձաւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ բնակող հայրենակիցներու ջանքերով: Ծրագիրի ծիրին մէջ, Արցախի մէջ արդէն շուրջ 200 նորածիններու ընտանիքներու տրամադրուած են նուէր-արկղեր:


«Արցախից տեղեկութիւն ստացուեց այն մասին, որ պատերազմից յետոյ ծնունդների թիւը նկատելի աւելացել է: Մինչ այդ էլ քննարկում էինք, թէ ինչպէս օգնենք ընտանիքներին, որոշեցինք Յունիսի 1ից իւրաքանչիւր նորածնի ընտանիքին փոխանցել նուէր-արկղ, որը պարունակում է 25 կտոր ապրանք՝ հագուստ, բժշկական ու խնամքի պարագաներ՝ նախատեսուած մայրիկի ու երեխայի համար, խաղալիքներ, գրքեր եւ այլն: Մեր հայրենակիցները պատերազմից յետոյ շարունակում են ապրել Արցախում, երեխաներ ունենալ, ինչը շատ կարեւոր է: Եւ մենք պէտք է օգնենք մայրիկներին: Ինքս մայր եմ եւ շատ լաւ պատկերացնում եմ, թէ սկզբնական շրջանում ինչ դժուար է: Եւ ահա որոշեցինք անհրաժեշտ պարագաներով նուէր-արկղ տրամադրել», կը պատմէ Աննան:
Յառաջիկայ օրերուն, Արցախ սպասուող այցելութեան ծիրին մէջ, Աննան առաջին հերթին կը նախատեսէ տեսակցիլ փոքրիկներուն եւ անոնց ծնողներուն հետ: Այնուհետեւ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղւոյն պաշտօնեաներու հետ: Աննան կը շեշտէ, որ շատ կարեւոր է հասկնալ, թէ ո՛ր ուղղութիւններով անհրաժեշտ են աջակցութեան ծրագիրները:
«Մեր հայրենակիցները ծրագրին մասնակցում են ֆինանսապէս, իսկ արկղի պարագաները գնւում կամ պատուիրւում են հայրենիքում ու տրամադրւում են Արցախի նորածինների ընտանիքներին: Նպատակն այն է, որ գումարը շրջանառուի այստեղ, ստացուած արդիւնքով էլ աջակցենք Արցախի մեր հայրենակիցներին: Ասեմ, որ արկղում տեղ գտած ապրանքները որակապես լաւն են, արդէն մայրիկներն արձագանգել են ու իրենց գոհունակութիւնն են յայտնել: Ի դէպ, Սփիւռքի մեր հայրենակիցներից շատերին նոյնպէս դուր են եկել այդ ապրանքները, շատերը ցանկութիւն են յայտնել ձեռք բերել: Այսպիսի հետաքրքիր շղթայ է ստացւում», նշեց Աստուածատուրեան:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ ունենալիք հանդիպումներուն՝ Աննան նշեց, որ անիկա կարեւոր է տեղեկութիւն հաւաքագրելու տեսանկիւնէն: Ան նկատել տուաւ, որ Սփիւռքի մէջ Արցախի հետ կապուած տեղեկատուութեան պակաս կայ: Գրեթէ չկայ տեղեկութիւն, թէ ի՛նչ կը կատարուի Արցախի մէջ, չեն հասկնար, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յետագային:

«Ես հիմա փորձում եմ հասկանալ, թէ ինչ զարգացումներ կան, որ ներկայացնեմ Սփիւռքում: Շատերն այնտեղ սպասում են Արցախում յստակեցումներ լինեն, նոր սկսեն աջակցել: Ի հարկէ, հասկանում ենք, որ ամենակարեւորն Արցախի անվտանգութիւնն է: Առանց դրա հնարաւոր չէ օգնել՝ զարգացնել տնտեսութիւնը, տներ կառուցել, բիզնեսը զարգացնել, կրթական ծրագրեր իրականացնել: Ես փորձում եմ բացատրել, որ նոյնիսկ եթէ հիմա ոչ-հասկանալի իրավիճակ է, միեւնոյն է՝ այնտեղ հայերն ապրում են ու աջակցութեան կարիք ունեն, նոր սերունդ է ծնւում: Այնտեղ ապրող մարդիկ արժանի են աւելիին», ըսաւ Աննան՝ ընդգծելով, որ ինք շատ լաւ կը հասկնայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ գաղթական, կորսնցել հայրենիքը եւ ամէն ինչ: Չէ՞ որ տարիներ առաջ, ապրելով Պաքուի մէջ, ինք եւ իր ընտանիքը ապրեցան նոյն կացութեան մէջ: Ան Ատրպէյճանի մէջ հայերու դէմ գործադրուած ջարդերու ականատեսներէն է: Անոր մանկութեան այդ փուլը պատուած է վախի եւ սարսափի զգացումներով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նման դժուարութիւններու միջով անցած Աննան ի՞նչ ուղերձ կը փոխացնէ Արցախի բնակիչներուն, բնակավայրերը կորսնցուցած, գաղթական դարձած, պատերազմէն անցած արցախցիներուն՝ ըսաւ. «Փոխանցում եմ ամենակարեւորը՝ ցանկացած պարագայում միմեանց օգնել: Մենք Հայաստանում մտածում ենք, որ դրսում ինչ-որ մէկը կը տեսնի, կը հասկանայ մեր ցաւը եւ կ՛օգնի: Իմ ուղերձն այն է, որ մենք՝ ինքներս, պէտք է այդ ճանապարհը գտնենք՝ օգնելով միմեանց: Ինձ համար շատ կարեւոր է նրանց հետ շփումը: Արցախն ու արցախցիներն ինձ համար ոգեշնչման աղբիւր են: Ես երբ գնւում եմ Արցախ, մեծ ներուժ եմ ստանում, նոր գաղափարներ են առաջանում: Հիմա կարեւոր է, որ «Սէր Արցախ» ծրագրի շարունակութիւնն ապահովենք: Որքան շատ մարդ տեղեակ լինի ծրագրից, այնքան շատ աջակցողներ կը գտնուեն»: