Կազի մատակարարումները այնպիսի երկիրներէ, ինչպէս Նորվեկիա կամ Ատրպէյճան, բաւարար չեն` եւրոպական երկիրներուն մէջ ուժանիւթային հարցերը լուծելու համար: Այս մասին «Ֆորէյն Փոլիսի»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ֆաթիհ Պիրոլ:
Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը այս ձմեռ լուրջ դժուարութիւններ պիտի ունենայ, եթէ առնուազն 15 առ հարիւրով չկրճատէ կազի սպառումը:
«Եթէ նոյնիսկ ռուսական կազի առաւելագոյն ծաւալին մէկ մասը «Հիւսիսային Հոսք»ին ճամբով գայ Եւրոպա, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք նուազեցնելու սպառումը», ընդգծեց ան:
Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ ՄըքԱլիսթըր, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ Եւրոպական խորհուրդը Պաքուի հետ ուժանիւթային համաձայնագիր կնքեց՝ ըսաւ. «Մենք ստիպուած ենք արագօրէն նուազեցնելւ Ռուսիայէն կազի ներածումները, որովհետեւ կ՛ուզենք նուազ կախեալ ըլլալ ռուսական կազէն, աւելի քիչ վճարել, որովհետեւ եթէ զայն Ռուսիայէն գնենք, անուղղակիօրէն կը նպաստենք Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին»: