Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանը՝ Երեւան «Փիւնիկ»ը, 26 Յուլիսի երեկոյեան, Լիւքսեմպուրկի մէջ ճակատեցաւ Լիւքսեմպուրկի ախոյեան «Տիւտելանժ»ի դէմ, Եւրոպայի Ախոյեաններու մրցաշարքին՝ «Չեմփիընզ-Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի, զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներու ծիրին մէջ:
Երթի մրցումներուն Երեւանի մէջ 0-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած «Փիւնիկ»ը կրցաւ մրցակիցի դաշտին վրայ իր վրէժը լուծել՝ կերտելով 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը, որուն շնորհիւ հանդիսացաւ հայկական առաջին խումբը, որ այս մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանին կը հասնի։
«Փիւնիկ»ը պայքարը պիտի շարունակէ 3 Օգոստոսին, Սերպիոյ ախոյեան Պելկրատի «Կարմիր Աստղ»ի դաշտին վրայ, իսկ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 Օգոստոսին։