ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի աղբիւրներ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին հաղորդեցին, թէ այս շաբաթավերջին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներն ու Գերմանիա պիտի քննեն Իրանի հիւլէական տագնապին կապակցութեամբ առնուելիք յաջորդ քայլը:
Եւրոպական միութիւնը Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Իրան պատժամիջոցներու ընտրանքին ուղղութեամբ կ՚ընթանայ՝ նկատի ունենալով, որ ան կը մերժէ սառեցնել իւրանիոմի հարստացման աշխատանքները։
Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Հաւիէ Սոլանա ըսաւ, որ Թեհրան ոչ մէկ յանձնառութեան տակ մտած է իւրանիոմի հարստացումը դադրեցնելու վերաբերեալ՝ հակառակ 4 ամսուան վրայ երկարող խտացեալ բանակցութիւններու։
«Այս երկխօսութիւնը կարելի չէ յաւիտեան շարունակել, եւ իրանցիներուն կը մնայ որոշել, թէ ժամը եկա՞ծ է բանակցութիւններուն վերջ մը դնելու կամ ոչ։ Եթէ վերջ մը դրուի երկխօսութեան, ապա պիտի դիմենք միւս ընտրանքին (ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի պատժամիջոցներուն), ըսաւ Սոլանա։