Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան մը, որ կազմակերպուած էր տէր եւ տիկին Կոստի եւ Մարիան Շիրվանեան ամոլին կողմէ, ի նպաստ նահանգային ծերակուտական Չաք Փուչիկեանի ընտրապայքարին։ Ծանօթ է որ Չաք Փուչիկեան թեկնածու է Քալիֆորնիա նահանգի Attorney General-ի պաշտօնին։
Առաջնորդ սրբազանը կատարեց ընդունելութեան բացման աղօթքն ու յաջողութիւն մաղթեց Փուչիկեանի։ Հիւրընկալ Կոստի Շիրվանեան արտասանեց բարի գալուստի խօսք։ Հանդիսավարն էր Լոս Անճելըս գաւառի նախկին դատախազ Ռապըրթ Փիլիպոսեան։ Ներկայ էր նաեւ Քալիֆորնիոյ նախկին կառավարիչներէն Ճորճ Տէօքմէճեան, որ օրուան բանախօսն էր եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց թեկնածուին։