ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու 15րդ միջազգային համաժողովը տեղի ունեցաւ 26 Յուլիսէն 7 Օգոստոս 2022ին, Անգլիոյ Քենթըրպըրի քաղաքի Քենթ համալսարանին մէջ՝ հրաւէրովը Քենթըրպըրի արքեպիսկոպոս Ճասթըն Ուէլպիի։
Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Մակար եպս. Աշգարեան, իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը՝ Յովակիմ եպս. Մանուկեան։
Տասը տարին անգամ մը գումարուող այս համաժողովի այս տարուան բնաբանն էր՝ «Աստուծոյ եկեղեցին Աստուծոյ աշխարհին մէջ»ը։
Առաւել քան 1450 Անկլիքան եպիսկոպոսներ եւ արքեպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ հանդիպեցան՝ միասնաբար աղօթելու, հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարելու եւ արծարծելու հանրութիւնն ու ներկայ եկեղեցին յուզող հարցեր, ի մտի ունենալով, թէ «ի՞նչ կը նշանակէ անկլիքան համայնքին համար ընդառաջել 21րդ դարու աշխարհի կարիքներուն» հարցը։
Նշենք, որ Մակար եւ Յովակիմ սրբազանները առիթ ունեցան տեսնուելու Ճասթըն արքեպիսկոպոսին հետ եւ փոխանցեցին զոյգ կաթողիկոսներուն եղբայրական ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները։