ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Անդրադառնալով այն լուրին, թէ թրքական «Պայքար» ընկերութիւնը մտադիր է Ուքրանիոյ մէջ «Պայրաքտար» տեսակի անօդաչու թռչող սարքերու գործարան կառուցելու, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ նման գործարան մը անմիջապէս ռուսական յատուկ յարձակումներու թիրախ պիտի դառնայ՝ աւելցնելով. «Գործարանը միայն պիտի երկարաձգէ ուքրանացիներուն տառապանքները»։
Թրքական մամուլը խստօրէն քննադատեց Փեսքովի կողմէ «Թուրքիոյ ուղղուած սպառնալիք»ը: