ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուստաֆա Շենթոփ Չորեքշաբթի օր ելոյթ ունեցաւ Անգարայի մէջ գումարուած դիւանագէտներու 13րդ համաժողովին:
Շենթոփ շեշտեց, որ Թուրքիա վճռականութիւն ունի վերափոխուող աշխարհին մէջ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու՝ իբրեւ ազդեցիկ եւ որոշիչ դերակատար:
«Յայտնի խօսք է, թէ քանի դեռ ձեր ուժի շուքը չէ ինկած բանակցային սեղանին վրայ, չէք կրնար դիւանագիտութիւն ընել: Իրավիճակը բոլոր իմաստով այսպիսին է։ Օրինակ, 1920ին, մեր առաջին արտաքին գործոց նախարար Պեքիր Սամի պէյի Մոսկուա այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ աջակցելուն դիմաց հայերուն արեւմտեան Անատոլիոյ մէջ հող տալու պայմանը յառաջ տանողները միայն 7 ամիս ետք, այդ պահանջէն հրաժարեցան եւ 16 Մարտ 1921ին բարեկամութեան պայմանագիր ստորագրեցին», ըսաւ Շենթոփ` աւելցնելով, որ այս յեղաշրջումը տեղի ունեցաւ «շնորհիւ Թուրքիոյ տարած յստակ յաղթանակներուն, արեւելքի մէջ՝ հայերուն, հարաւի` ֆրանսացիներուն, իսկ արեւմուտքի՝ յոյներուն դէմ»: