
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս· Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն ազգային բարերար Վահան Շամլեանի մահը, որ պատահեցաւ 11 Օգոստոս 2022ի երեկոյեան, Ֆրեզնոյի մէջ։
Հանգուցեալը իր կեանքին ընթացքին ծաւալած է յոյժ գովելի բարեգործութիւններ՝ յատկապէս Հայաստանի, Արցախի, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի զանազան դաշտերու եւ համայնքներու մէջ, մինչ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանը կը մնայ հանգուցեալին բարերար յիշատակը անմահացնող եզակի կոթող:
Վահան Շամլեան 1983ին արժանացած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին՝ ձեռամբ Գարեգին Բ· կաթողիկոսի եւ միշտ վայելած է յարգանքն ու գնահատանքը Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Այս տխուր առիթով, Ազգային առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ՝ Անոյշ Շամլեանին, դուստրերուն՝ Քէթիին եւ Մոնիքին ու անոնց ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր թոռներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն։
Պիտի կատարուի Ազգային թաղում։
Մանրամասնութիւնները կը ծանուցուին մամուլով։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
***
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը կը գուժէ ազգային բարերար եւ Շամլեան Ազգային վարժարանի նուիրատու՝ պրն. Վահան Շամլեանի մահը:
Ազնուական բարերարը իր կեանքին ընթացքին Սփիւռքի ու հայրենիքի մէջ բազմաթիւ նուիրատուութիւններով եւ ազգային աշխատանքներով փաստած էր իր մարդկային ազնիւ արժանիքները:
Ան ազգային արժէքներու պահպանման նախանձախնդրութեամբ՝ յանձն առած էր Շամլեան Ազգային վարժարանի բարերարութիւնը:
Այսօր, վարժարանը կը կրէ իր անունը եւ ան դարձած է հայ ինքնութեան կերտման սփիւռքեան հարազատ օճախ մը, ինչպէս որ պատկերացուցած էր ան:
Այս տխուր առիթով, Խնամակալ մարմինը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ՝ Անոյշ Շամլեանին եւ անոր ընտանիքին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
***
Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքը սրտի անհուն կսկիծով կը գուժէ վարժարանիս հիմնադիր բարերար՝ պրն. Վահան Շամլեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 11 Օգոստոս 2022ին:
Տէր եւ տիկին Վահան եւ Անուշ Շամլեան ամոլի սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ, 1983ին, Կլենտէյլի հայ գաղութը սեփականատէրը դարձաւ Սուրբ Աստաուածածին եկեղեցւոյ հովանիին տակ գտնուող վարժարանի ընդարձակ համալիրին, որ վերակոչուեցաւ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարան, ուր տասնամեակներ շարունակ հայրենիքէն հեռու ապրող մատղաշ սերունդներ հայեցի կրթութիւն ստացան, ծանօթանալով մեր դարաւոր մշակոյթի գանձերուն եւ հերոսական պատմութեան:
Պրն. Շամլեանի յիշատակը վառ պիտի մնայ վարժարանի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներու հոգիներուն մէջ:
Ցաւակցութիւն կը յայտնենք անոր տիկնոջ՝ տիկին Անուշին, զաւակներուն եւ հարազատներուն:
ՇԱՄԼԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ



