ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող միջազգային ապահովութեան հարցերու համաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուի հետ` քննարկելով նաեւ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ ստորաբաժանումներու գործունէութեան վերաբերող հարցեր: Այս մասին յայտնեց «Ռիա Նովոստի»ն:
Հանդիպման ընթացքին Շոյկու նշեց, որ քննարկուած հարցերու կարգին են աւանդական հարցեր` երկու երկիրներու ռազմաարհեստագիտական ու ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ: Ըստ անոր՝ կան, անշուշտ, նաեւ հարցեր, որոնք կապ ունին խաղաղապահ առաքելութեան հետ, որ իր առջեւ ծառացած հարցները կը լուծէ Արցախի մէջ։ «Մենք նախկինին պէս համոզուած ենք, ինչպէս դուք, որ կայունացնող գլխաւոր գործօնը շփման գիծի ամբողջ երկայնքով զինադադարի պահպանման դրութիւնն է», յայտնեց Շոյկու ։
Պապիկեան իր կարգին նշեց, որ 16 Օգոստոսի հանդիպումը երկրորդն է այս տարուան ընթացքին, ինչ որ ցոյց կու տայ հայ-ռուսական գործընկերային երկկող գործակցութեան բարձր մակարդակը:
«Այս հանդիպումը մեզ համար շատ կարեւոր է: Բարձր ենք գնահատում ռուս-հայկական փոխգործակցութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասում ռուսական ներկայութեան դերակատարումը», ըսաւ ան: