ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուս խաղաղապահները ոչ մէկ սանթիմեթր պիտի շարժին Լաչինի գործող միջանցքէն, այնքան ատեն որ տակաւին նոր ճամբան չէ շահագործուած: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարեց Երեւանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանատան խորհրդական-դեսպանորդ Մաքսիմ Սելեզնիով:
Ան ընդգծեց, որ այս գծով համաձայնութիւններ կան, եւ կողմերը ուղիղ կապի մէջ են` առանց մանրամասնութիւն տալու, թէ խօսքը ի՛նչ համաձայնութիւններու մասին է եւ ճիշդ որոնց միջեւ:
«Ռուս խաղաղապահները պիտի վերատեղաբաշխուին միայն այն պահուն, երբ Լաչինի նոր միջանցքը բացուի: Եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած են այն քայլերը, քայլերու հերթականութիւնը` նախ կը կառուցուի միջանցքը, եւ մինչեւ սկսի գործել, ռուս խաղաղապահները կը տեղակայուին հինգ քիլոմեթրնոց միջանցքին մէջ` այդ ճամբուն շուրջ», նշեց Սելեզնիով:
Այս ամսուան սկիզբը` Արցախի մէջ վերսկսած մարտական գործողութիւններէն ետք, Ստեփանակերտը յայտարարեց, թէ ռուս խաղաղապահներու միջոցով ատրպէյճանական կողմը պահանջած է Հայաստանի հետ կապը նոր երթուղիով կազմակերպել:
Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան գործող ճամբուն վրայ գտնուող համայնքներու` Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչներուն ըսաւ, թէ 25 Օգոստոսէն ետք ռուսական զօրք այդ տարածքին մէջ պիտի չըլլայ, առ այդ, պէտք է մինչեւ ամսուան վերջը հեռանալ տուներէն:
«Ինչպէս գիտէք, տեղի է ունեցել գործող միջանցքի տեղափոխում դէպի հարաւ եւ հարաւային ուղղութեամբ Արցախի տարածքում ճանապարհն արդէն պատրաստ է, Հայաստանի տարածքում էլ պատրաստ կը լինի միւս տարի, եւ ռուսական զօրախումբը, միջանցքը տեղափոխուելու է դէպի հարաւային ուղղութեամբ, հետեւաբար, այստեղ ռուսական զօրախումբ Օգոստոսի 25ից չի լինելու, եւ անհրաժեշտութիւն է առաջացել, քաղպաշտպանութեան պլանների համաձայն, մարդկանց տեղափոխման հարցեր քննարկել», յայտնեց Խանումեան:
Սելեզնիով, մինչդեռ, պնդեց, թէ ռուս խաղաղապահները պիտի վերատեղակայուին, երբ նոր ճամբան արդէն պատրաստ ըլլայ:
Ինչպէ՞ս ծագեցաւ 25 Օգոստոսի վերջնաժամկէտը, որո՞նց միջեւ ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւնները, եւ 25 Օգոստոսէն ետք, երբ, ըստ հայկական կողմին, պիտի սկսի գործել այլընտրանքային, սակայն անաւարտ ուղին, արդեօք հոն ռուս խաղաղապահներ պիտի ըլլա՞ն: «Ազատութիւն»ը այս հարցումներով դիմեց Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան, հոնկէ ուղորդեցին Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդին, ուրկէ ստացուած պաշտօնական պատասխանը փաստօրէն կը հաստատէ, որ ռուս խաղաղապահները նոր ճամբուն վրայ պիտի վերատեղակայուին անոր «շինարարութեան աւարտէն ետք»:
Պաշտօնական Երեւանը մինչ այդ յայտարարեց, որ ճանապարհի սեփական հատուածը պիտի աւարտի ամիսներ ետք միայն` յաջորդ տարուան Մայիսին:
Շաբաթներ առաջ` այս հարցով առաջին եւ մինչ այժմ միակ հրապարակային ելոյթին մէջ Հայաստանի վարչապետը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է եռակողմ ձեւաչափով փաստաթուղթ ստորագրել թէ՛ խաղաղապահներու վերատեղակայման, թէ՛ Ղարաբաղը սնուցող ենթակառուցուածքներուն վերաբերեալ: Մինչ այժմ յայտնի չէ, թէ արդեօք Պաքու համաձայնա՞ծ է նման փաստաթուղթ ստորագրելու:
Նոյն օրը` կառավարութեան նիստին, Նիկոլ Փաշինեան քննադատեց ռուս խաղաղապահները՝ պնդելով, որ հրադադարի խախտումները կ՛ըլլան անոնց ներկայութեան ու թողտուութեամբ:
Օրեր ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Իվան Նեչաեւ անհիմն որակեց հայկական կողմի այս քննադատութիւնը:
Սելեզնիով նշեց, որ Նեչաեւի ըսածին վրայ ոչինչ ունի աւելցնելիք` ընդգծելով, որ ռուսական առաքելութիւնը կ՛ընէ այն, ինչ կարելի է` իրեն տրուած լիազօրութիւններու ծիրին մէջ:
«Փափաքելի պիտի ըլլար զսպուածութիւն ցուցաբերել՝ բոլոր կողմերէն եւ ատրպէյճանական զօրքերուն կողմէ: Գլխաւորը այն է, որ հայ հանրութիւնը, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ, պէտք է հասկնայ, որ ռուս խաղաղապահ զօրախումբը իր կարողութեան առաւելագոյնը կ՛ընէ, որպէսզի առաւելագոյն չափով հեռու պահէ բնակչութիւնը պատերազմի սարսափներէն», ընդգծեց ան:
Նոյն ժամանակ Սելեզնիով փոխանցեց, թէ Մոսկուա պատրաստ է ընդլայնելու ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը Արցախի մէջ, եթէ Երեւան եւ Պաքու համաձայնութեան գան այդ հարցին մէջ: